Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 3, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Պահեստի ուժերու մեծ մասը հիւսիսային ճակատ տեղափոխելու իսրայէլեան պատրաստութիւններ գոյութիւն ունին»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հարցերը տակաւին տեղքայլի մէջ են` սպասելով ընտրութիւններէն ետք իսրայէլեան քաղաքական դաշտի յստակացման: Լիբանան մերժած է Թամփայի բանակցութիւններուն ընթացքին ներկայացուած զինադադարի հսկողութեան ու բնորդային շրջաններու գործադրութիւնը ոչ կառավարական կազմակերպութեան մը ներկայացնելու իսրայէլեան առաջարկը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունը մտադիր չէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ վարչապետ Սալամի միջեւ տարակարծութեան միջամտել, թէեւ հակուած է վարչապետին կեցուածքին, եւ բոլորը այլեւս համոզուած են, որ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի նկատմամբ Ժահժահի վարմունքին թիրախը այնքան անոնք չեն, որքան որ այդ վարմունքը Սէուտական Արաբիոյ յղուած բողոքի պատգամ մըն է»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ու նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի միջեւ տարակարծութիւնները տակաւին Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանին միջամտութեան կը սպասեն: Անոր այցելուները կը հաղորդեն, որ մեծապէս դժգոհ է Լիբանանան ուժեր կուսակցութեան ելեկտրականութեան թղթածրարին հարցով շղթայազերծած «ամբոխավարական արշաւէն»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Լուսարձակներէ հեռու երեսփոխանական-կառավարական հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ` կարգաւորելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներուն Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու թղթածրարին շուրջ նախնական հետաքննութեան արդիւնքներուն եւ զինուորական դատարանին մէջ կառավարութեան յանձնակատարի ներկայացուցած մեղադրանքներու լոյսին տակ նախարարաց խորհուրդի նիստերէն բացակայութեան հարցը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարներու նախարարաց խորհուրդի նիստներուն ներկայ չգտնուելուն վրայ պնդելուն լոյսին տակ Տահր Պայտարի պայթուցիկներու թղթածրարը ուշ կամ կանուխ պիտի արծարծուի նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին, եւ երկեակի նախարարները պիտի փորձեն իրաւական տուեալներուն հետ խաղալ` փորձելով գործի փոխանցումը ձախողութեան մատնել»:

. ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Թարեք Մըթրի «Մուտուն»-ին. «Սուրիա այցելութիւնը սուրիական կողմին հետ Սուրիոյ Լիբանան բնակող քաղաքացիներու կացութեան աւելի կանոնաւոր ու համապարփակ կարգաւորման նպատակով երկխօսութեան հոլովոյթի շարունակման համար է»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Դատաւորներ կը զգուշացնեն տեղեկատուական ահաբեկումէն եւ դատական համակարգին մէջ բարձրաստիճան պաշտօններ վարող աւագ դատաւորներու նկատմամբ ամերիկեան պատժամիջոցներ կիրարկելու վերաբերեալ տեղեկատուութեան տարածումէն, որովհետեւ անոնք կրնան բացասաբար ազդել այդ դատաւորներուն տուած որոշումներուն վրայ եւ խոչընդոտել անոնց վստահուած առաքելութիւններու կատարումը»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Վերջին շաբաթներուն Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ գողութիւններու եւ կողոպուտներու դէպքերը աճած են: Ապահովական ուժերը կը հաղորդեն, որ յանցագործները զէնք կ՛օգտագործեն` անտեսելով տեսախցիկներն ու հետագային հետապնդումի ենթարկուիլը»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի համաձայն, կը սպասուի, որ 70 միլիոն տոլար արժող քարիւղով բեռցուած նաւ մը 20 նոյեմբերին Պէյրութ հասնի, սակայն Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը այդ գումարը չունի:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Կը հաղորդուի, որ Լիբանանի մէջ սուրիական ապահովական շարժումները կը ստանան այնպիսի ընթացք, որ կը գերազանցէ ապահովական մարմիններուն միջեւ սովորական համակարգումը: «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի տուեալները ցոյց կու տան հետապնդումներ եւ մարդիկ սահմանէն միւս կողմ տեղափոխելու գործողութիւններ, ինչ որ կը յառաջացնէ մտավախութիւններ, որ գործը աւելի բարդ փուլ մուտք կը գործէ»:

Նախորդը

Նոր Մարզաձեւ` Հայաստանի Հաշմանդամ Մարզիկներուն

Յաջորդը

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.