Երէկ Ժողովրդավարական հանդիպում եւ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքներուն միջեւ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանուր կացութեան:
Հանդիպումին Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին կողմէ մասնակցեցան երեսփոխաններ Պիլալ Ապտալլան, Ուաէլ Ապու Ֆաուրն ու Ռաժի Սաատը, իսկ Հզօր Հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքէն` երեսփոխաններ Ժորժ Օքէյսը, Մըլհեմ Ռիաշին եւ Նազիհ Մաթթան:


