Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բաժինի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ Պաքուն իր առաջադրանքը կը նկատէ Հարաւային Կովկասի մէջ ձեւաւորել շրջանային անվտանգութեան ամուր համակարգ, որ կարելիութիւն պիտի տայ «կանխել նոր հակամարտութիւնները եւ Հայաստանի հետ խաղաղ գործընթացը պաշտպանել արտաքին միջամտութեան ու ապակայունացման փորձերէն»:
Ըստ անոր, Պաքու կը ձգտի ոչ միայն թուղթի վրայ ամրագրուած ձեւական խաղաղութեան, այլեւ իրական եւ կենսունակ կարգաւորման, որուն արդիւնքները մարդիկ պիտի կարենան զգալ:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախաձեռնութեամբ Պաքու Հայաստանին առաջարկած է բազմամեայ թշնամութենէն անցնիլ յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման:
«Խաղաղութեան պայմանագիրի բնագիրը պատրաստուած է մեր երկրին մէջ: Մենք խաղաղութեան ձեռք մեկնած ենք դրացի Հայաստանին: Մեր առջեւ երկու ուղի կար` յաւերժական պատերազմ կամ յաւերժական խաղաղութիւն: Մենք ընտրեցինք յաւերժական խաղաղութեան ուղին», յայտնեց ան:
Ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուց ազրպէյճանական-հայկական յարաբերութիւններու հեռանկարներուն` շեշտելով, որ Պաքուն կը մեկնի բազմամեայ հակամարտութեան հետեւանքները յաղթահարելու անհրաժեշտութենէն` թոյլ չտալով, որ պատմական ծանր ժառանգութիւնը որոշէ երկու պետութիւններուն ապագան:
«Որոշ վէրքեր տակաւին թարմ են, եւ մենք չենք կրնար աչք փակել որոշակի յիշողութիւններու վրայ: Սակայն միաժամանակ մենք կը նայինք դէպի ապագայ` դէպի յաւերժական խաղաղութիւն», դիտել տուաւ ան:
Հաճիեւ նոր մօտեցման գործնական դրսեւորում նկատեց տնտեսական կապերու զարգացումը: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արդէն առեւտրական կապեր հաստատուած են, զուգահեռաբար աշխատանք կը տարուի փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ:
Ըստ անոր, այս կարելիութիւնները յատուկ նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար, որ դէպի ծով ուղղակի ելք չունի եւ շահագրգռուած է միջազգային առեւտուրի երթուղիներու ընդլայնումով:
«Հայաստան դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է, իսկ մենք իրեն կ՛առաջարկենք վերածուիլ շրջանի միւս պետութիւններուն կապուած երկրի եւ իրեն համար պիտի բանանք տարբեր փոխադրամիջոցային երթուղիներ», յայտնեց Հաճիեւ:
Իր կարգին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Անգարայի մէջ, Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի վեհաժողովին յայտարարեց, որ Ազրպէյճան շրջանին մէջ իրականացուող ծրագիրներու աշխուժ մասնակից է:
Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան զարգացումներուն մասին` դիտել տալով, որ Ազրպէյճանի առաջարկած սկզբունքներուն հիման վրայ մշակուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը նախաստորագրուած է նախորդ տարի` ընդգծելով, որ համաձայնագիրը ստորագրելու համար Հայաստան պէտք է ձեռնարկէ անհրաժեշտ քաղաքական եւ իրաւական քայլերուն:
Պայրամովի համաձայն, «Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի մէջ կ՛իրականացուին լայնածաւալ վերականգնման եւ շինարարական աշխատանքներ, կը զարգացուի ենթակառուցուածքը», իսկ այդ տարածքներուն մէջ, ըստ անոր, շուրջ 100 հազար անձ կ՛ապրի, կ՛ուսանի եւ կ՛աշխատի:
Անոր համաձայն, Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան աշխարհագրական դիրքը, տնտեսական ներուժն ու ուժանիւթի հարստութիւնները լայն կարելիութիւններ կը ստեղծեն միջազգային փոխադրութեան, առեւտուրի եւ ուժանիւթի անվտանգութեան մարզերուն մէջ անոր դերակատարութեան հետագայ ամրապնդման համար: «Միջին միջանցքի զարգացումը, Զանգեզուրի միջանցքի իրագործումը եւ մեր երկիրներուն միջեւ փոխադրամիջոցային կապերու ընդլայնումը պիտի մեծցնեն մեր տնտեսական կարելիութիւնները», նշեց Պայրամով:
Պայրամովի համաձայն, գլխաւոր նպատակը այդ կարելիութիւնները օգտագործելն է ոչ միայն տարանցման, այլ նաեւ փոխադարձ առեւտուրի, ճարտարարուեստական համագործակցութեան եւ ներդրումներու զարգացման համար:


