Նոյեմբերի առաջին երկու շաբաթներուն Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի կ՛ունենայ նշանառութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստան այս ախոյեանութեան կը մասնակցի երեք մարզիկներով` Էլմիրա Կարապետեան, Գէորգ Մելքոնեան եւ Արտեոմ Գրիգորեան:
Հայաստանի հաւաքականը կը գլխաւորէ մարզիչ Սէյրան Նիկողոսեան: Տոհայի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութիւնը պիտի ըլլայ 2028-ի Ողիմպիական խաղերու (Լոս Անճելըս) զտումի առաջին փուլը: Նշանառութեան միջազգային ֆետերասիոնին տուեալներով, մրցաշարքին պիտի ըլլան 36 Ողիմպիական թեկնածուներ 12 անհատական ողիմպիական մրցաձեւերէ իւրաքանչիւրէն երեք թեկնածուներով:
Աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ընդգրկուած են 10 մեթր հեռաւորութենէն օդամղիչ հրացանով նշանառութիւն, 50 մեթր հեռաւորութենէն փոքր տրամաչափի հրացանով երեք դիրքէ նշանառութիւն, 10 մեթր հեռաւորութենէն օդամղիչ ատրճանակով նշանառութիւն, տղոց 25 մեթր հեռաւորութենէն արագաձիգ ատրճանակով նշանառութիւն եւ աղջկանց 25 մեթր հեռաւորութենէն ատրճանակով նշանառութիւն:
Անհատական մրցումներէն անկախ, ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են նաեւ խառն խմբային մրցումներ օդամղիչ հրացանով, օդամղիչ ատրճանակով եւ թրափով:


