Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ իր երկիրը Իրանէն գերազանց է եւ կրնայ անոր հետ ճակատումը ուզած ատեն աւարտել:

«Կը փորձենք Իրանի հետ որոշ չափով մեղմ վարուիլ, սակայն կրնանք շուտով որոշել անոր հետ ճակատումը աւարտին հասցնել», ըսաւ ան:

«Իրանի դէմ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի, եւ ատիկա պիտի տեսնէք», դարձեալ պնդեց Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով, որ որոշած է Միջին Արեւելքի մէջ զինուորական քայլի դիմել, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները չեն կրնար Իրանին հիւլէական զէնք ձեռք բերել արտօնել:

Ան ըսաւ, որ ամերիկեան ուժերը իրանեան հիւլէական կարողութիւնները հարուածելու համար «Պի-2» ռմբաձիգներ օգտագործեց, եւ Թեհրան «տակաւին իր կրած վնասին տարողութեան չի գիտակցիր»:

Ըստ Թրամփի, Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը «շատ վատ է»` աւելցնելով, որ եթէ անկէ չհեռանար, Իրանը հիմա հիւլէական զէնք ունեցած կ՛ըլլար:

Ան ըսաւ, որ քարիւղի գինի բարձրացումը «չնչին գին է, բաղդատմամբ Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի անվտանգութեան երաշխաւորման»` նշելով, որ իր երկրին Վենեզուելայի մէջ իրագործած ձեռքբերումները միայն Իրանի վրայ պատերազմի գինին տասնապատիկին հաւասար են:

«Կը ջանանք Իրանի մէջ կեանքերը փրկել, սակայն կրնանք որոշ փուլի ստիպուիլ անոր ծանր հարուած հասցնել», նշեց Թրամփ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեմ Ռիտայիի ուղղուած ամերիկեան նամակը նկատի ունենալով, անոր պատասխանելու ձեւը եւ այդ առնչութեամբ որդեգրուելիք ձեւաչափը պիտի հիմնուին երկրի գերագոյն շահերուն վրայ»:

«Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ միջնորդներու ճամբով անուղղակի բոլոր քննարկումներն ու բանակցութիւններուն հիմքը Իրանին ներկայացուցած առաջարկն է, որ ներկայիս ամփոփուեցաւ, եւ զայն երկու օրուան մէջ ամբողջութեամբ գործադրելը կարելի դարձաւ», նշեց Պաղայի:

«Ժամանակամիջոցի մէջ այս ճկունութիւնը Իրանի իսլամական հանրապետութեան բարի կամեցողութիւնն ու շինիչ մօտեցումը կ՛արտացոլէ: Այս ծրագիրի գործադրութիւնը, բանակցութիւններու սկիզբն ու Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան արագ վերականգնումը ամբողջովին կախեալ են ամերիկեան կողմի վարմունքէն, որոշումներէն ու գործնական քայլերէն», ըսաւ ան:

«Մեր պայմաններն ու պահանջները տրամաբանական կերպով փոխանցեցինք ամերիկեան կողմին, եւ միակողմանի որեւէ յանձնառութիւն պիտի չընդունինք», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը` նշելով. «Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնականին Տոհա այցելութեան նպատակը ամերիկեան կողմին հետ նամակներու փոխանակումն է»:

Իրանի Վրայ Յարձակումը` 7 Նոյեմբերի՞ն

Բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնեց, որ Սպիտակ տունը Իրանի վրայ յարձակում շղթայազերծելու հաւանականութեան վերաբերեալ որոշում տալուն կը մօտենայ:

Պաշտօնատարը իսրայէլեան օրաթերթին աւելցուց, որ դիւանագիտական լուծումի հասնելու փորձերուն պատճառով յարձակում գործելու վերաբերեալ տատամսում գոյութիւն ունի, սակայն նշեց, որ երկու կողմերուն միջեւ բացը տակաւին հսկայական է:

Դիւանագիտական աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ իրանեան պատուիրակութիւնը կիրակի առաւօտեան կանուխ ժամերուն հեռացած է Տոհայէն:

Աղբիւրը նշեց, որ Քաթարի հիւրընկալած բանակցութիւններուն ընթացքին դրական յառաջընթաց արձանագրուած է:

Դիւանագիտական աղբիւրը «Աքսիոս»-ին աւելցուց, որ միջնորդները կը շարունակեն տարակարծութիւններու բացը կամրջել ու Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ մնացած մտավախութիւնները կարգաւորել:

Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը նշեց. «Բանագնացները Հորմուզի նեղուցի վերաբացման համար Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն մէջ յոռեգոյնին կը պատրաստուին»:

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ այլ հակամարտութիւն մը կրնայ արեւմտեան Ասիայէն դուրս գտնուող ամերիկեան թիրախներ ներառել»:

Ամերիկացի պահպանողական լրագրող Թաքըր Քարլսըն յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ճնշումին տակ, կրնայ Իրանի վրայ հիւլէական յարձակում գործելէ օրերու հեռաւորութեան վրայ ըլլալ, եւ թիրախը Իրանի կեդրոնը գտնուող Ֆաըս լեռը կրնայ ըլլալ, ուր իսրայէլեան հետախուզութեան պնդումով իրանեան կառավարութիւնը վերականգնած է իւրանիոմի հարստացման ծրագիրը»` աւելցնելով, որ Թրամփ այդ առնչութեամբ որոշում մը կրնայ տալ 7 նոյեմբերին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց, թէ Նեթանիահուի հետ ունեցած է հեռաձայնային լաւ հաղորդակցութիւն մը եւ անոր հետ քննարկած Իրանի հարցը:

Իսրայէլեան աղբիւր մը եւ ամերիկեան աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ Նեթանիահու Թրամփի վրայ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի 3 նոյեմբերին միջանկեալ ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք Իրանի դէմ պատերազմը շարունակէ:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, Նեթանիահու «ներկայիս ընթացող բանակցութիւններէն մտահոգ է»:

Եի. «Չինաստան Պատրաստ Է Միջին Արեւելքի Մէջ
Տիրող Կացութիւնը Հանդարտեցնելու»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի Փեքինի մէջ ընդունեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ալի Պաքրի Քանին: Հանդիպումէն ետք Եի նշեց. «Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ պատերազմը կ՛երկարի եւ անոր հետեւանքները կ՛ընդլայնին, եւ երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնները տագնապի լուծման միակ ուղին են»:

«Բոլոր կողմերը պէտք է նոյն ուղղղութեամբ գործեն` մեկնելով ժողովուրդներուն ու պատմութեան նկատմամբ իրենց պատասխանատուութենէն, եւ ողջախոհ ու գործնապաշտ կերպով կեդրոնանան քաղաքական լուծումի վրայ` զինուորական ճակատումին վերադառնալու փոխարէն», նշեց չինական դիւանագիտութեան պետը:

Եի յայտարարեց. «Չինաստանը պատրաստ է, մեկնելով Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի կատարած նախաձեռնութիւններէն ու դիրքորոշումներէն, հանդարտեցնելու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը, շարունակելու տարբեր կողմերու հետ աշխատանքը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան վերականգնման համար ջանքեր թափելու»:

«Չինաստանը կ՛աջակցի Իրանին` անոր գերիշխանութեան ու անվտանգութեան պահպանման մէջ», ըսաւ ան` իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնելով երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացնելու:

Քանի իր կարգին ներկայացուց շրջանային զարգացումներուն վերաբերեալ Իրանի տեսակէտն ու դիրքորոշումները` շեշտելով, որ իր երկիրը վճռական կերպով պիտի շարունակէ իր անվտանգութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պաշտպանել եւ դէմ դնել տիրակալութեան ու սպառնալիքներուն` միեւնոյն ժամանակ պատրաստակամ ըլլալով տարբեր կողմերուն հետ կապ հաստատելու եւ բանակցելու, ինչպէս նաեւ ազդու կերպով աշխատելով շրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար:

Ան յոյս յայտնեց, որ Փեքին աւելի մեծ դեր կը ստանձնէ միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ խաղաղութեան հաստատման մէջ:

Քանի շեշտեց Իրանի պատրաստակամութիւնը` Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու կայուն զարգացման եւ միջազգային ու բազմակողմ ծիրի մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու առումով:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

Յաջորդը

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.