Վրաստանը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթը: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ` Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միացեալ միջկառավարական յանձնախումբի 11-րդ նիստի ընթացքին:
«Շրջանին մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ Հարաւային Կովկասի ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումը, խաղաղ համակեցութեան եւ երկխօսութեան շարունակումը», ըսած է Քոպախիծէ:
Անոր համաձայն, Վրաստանը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սկսած խաղաղ հոլովոյթը եւ յոյս ունի, որ շրջանը պիտի հասնի տնտեսական զարգացման:


