«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ այժմ միակ անյաղթ խումբը եղաւ Մեմֆիս Կրիզլիզ, որ 136-105 արդիւնքով յաղթեց Սաքրամենթօ Քինկզին: Ասիկա Քրանկզի 6-րդ յաջորդական պարտութիւնն էր, եւ ան Պրուքլին Նեթցի կողքին միակ խումբն է, որ որեւէ յաղթանակ չէ կերտած այս տարեշրջանին:
Քամերուն Պազլտ 27 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Կրիզլիզի:
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Հիուսթըն Ռոքեթց իր 7-րդ մրցումին 6-րդ յաղթանակը կերտեց` 119-98 արդիւնքով յաղթելով Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին: Ճապար Սմիթ 30 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Հիուսթընի, մինչ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 26 կէտ ձեռք ձգեց ի նպասի Թանտըրի:
Ֆրանսացի Վիքթոր Ուիմպանեամա 43 կէտ նշանակեց, եւ Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց 6-րդ մրցումին` 121-111 արդիւնքով յաղթելով Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին:
Տարեշրջանի իր 6-րդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, որ 109-104 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հոռնեթցին: Թայրիս Մեքսի 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի:
Օր մը առաջ Տալաս Մեւրիքս 116-111 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Հիուսթըն Ռոքեթցը (որ կրած էր իր առաջին պարտութիւնը), ուր փայլած էր Տալասի կարտ Քայրի Ըրվինկ` նշանակելով 35 կէտ եւ 9 էսիսթ:


