ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան ընտրուեցաւ Հայաստանի մրցակցութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ:
Այդ պաշտօնին մէջ անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները:
Ազգային ժողովի փակ, գաղտնի քուէարկութեան մասնակցեցաւ 100 պատգամաւոր, որոնցմէ 58-ը կողմ քուէարկեց Մինասեանի թեկնածութեան, իսկ 42-ը` դէմ:


