«Կանաչ» ուժանիւթը կրնայ դառնալ Հայաստանի հետ խաղաղութեան ռազմավարութեան մաս: Այս մասին յայտնի տնտեսագէտ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս Ճեֆրի Սաքսի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բաժինի վարիչ Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Մենք ասիկա կը դիտարկենք նաեւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ծիրին մէջ` իբրեւ խաղաղութեան կառուցման հայեցակարգի մաս: Մենք այլեւս չենք ստեղծեր բաժանարար գիծեր եւ չենք կառուցեր պատեր: Մենք կը կառուցենք խաղաղութիւն եւ կը ձգտինք խուսափիլ մեր շրջանին մէջ պառակտուածութենէն: Մենք նաեւ կը ձգտինք խաղաղութեան տնտեսական օգուտները ցոյց տալ: Յոյս ունինք, որ կանաչ ուժանիւթը պիտի դառնայ ռազմավարութեան մաս», ընդգծած է Հաճիեւ:


