Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս նշեց, որ Լիպիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ծովային համաձայնութիւնը, որ արեւելեան Լիպիոյ մէջ հաստատուած լիպիական խորհրդարանը վերջերս որդեգրեց, «բացայայտ կերպով ապօրինի է, առ ոչինչ է եւ չեղեալ»:
Վարչապետը աւելցուց, որ այդ համաձայնութիւնը «աշխարհագրութիւնը ամբողջովին կ՛անտեսէ»:
Միցոթաքիս Յունաստանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութեան աւարտին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ինք կոչ կ՛ուղղէ «միջազգային շտապ զինադադար»-ի` պաշտպանելու համար Սեւ ծովուն մէջ նաւարկումը:
Նշենք, որ չորեքշաբթի օր Սեւ ծովուն մէջ յարձակումի ենթարկուելուն հետեւանքով ընկղմած էր բեռնարկղներով բեռցուած նաւ մը, որ Յունաստանին կը պատկանէր:


