ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Եւրոպան կ՛ապրի քաղաքական խոր վերափոխումներու ժամանակաշրջան մը, որ հարցականի տակ կը դնէ ոչ միայն անոր ինքնութիւնն ու ժողովրդավարական հաստատութիւններուն կայունութիւնը, այլ նաեւ` միջազգային համակարգին մէջ անոր աշխարհաքաղաքական դիրքը: Ազգայնական շարժումներու վերելքը, աւանդական ձախին տկարացումը եւ կեդրոնամէտ ուժերու ազդեցութեան նուազումը աւելի խոր ճգնաժամի մը արտայայտութիւններն են` քաղաքական հաստատութիւններուն նկատմամբ հանրային վստահութեան մաշում եւ ազգային գերիշխանութեան ու եւրոպական համարկումի միջեւ աճող լարուածութիւն:
Երկու համաշխարհային պատերազմներու աւերակներէն ծնունդ առած եւրոպական ծրագիրը կը ձգտէր հաշտեցնել ազգային գերիշխանութիւնը շրջանային համագործակցութեան, տնտեսական զարգացումը` ընկերային արդարութեան, իսկ մշակութային բազմազանութիւնը` սահմանադրական քաղաքացիութեան հետ: Օրէնքի գերակայութիւնը դարձաւ այս համակարգին հիմնասիւնը` քաղաքական իշխանութիւնը ենթարկելով սահմանադրական սահմանափակումներու: Այսօր, սակայն, տնտեսական անապահովութիւնը, ժողովրդագրական փոփոխութիւնները, գաղթականութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական անկայունութիւնը լուրջ փորձութեան կ՛ենթարկեն այս համակարգը:
Հիմնական հարցումը այն է, թէ Եւրոպան կրնա՞յ դիմագրաւել այս մարտահրաւէրները` առանց խաթարելու իր ժողովրդավարական հիմքերը:
Վախի քաղաքականութիւնը եւ ինքնութեան փնտռտուքը
Ազգայնական եւ ժողովրդահաճոյ շարժումներու վերելքը կարելի չէ բացատրել միայն գաղթականութեամբ կամ մշակութային հակասութիւններով: Գնողունակութեան անկումը, բնակարանային տագնապը, աշխատանքի անապահովութիւնը եւ նոր սերունդներու ապագային նկատմամբ մտահոգութիւնը կը տկարացնեն աւանդական քաղաքական ուժերուն հանդէպ վստահութիւնը:
Հոգեբանական տեսանկիւնէն, յարաբերական զրկուածութեան զգացումը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ դժգոհութիւնը կը շարունակուի նոյնիսկ բարեկեցիկ հասարակութիւններու մէջ: Քաղաքացին կրնայ նախորդ սերունդներէն աւելի բարեկեցիկ ապրիլ, սակայն միաժամանակ մտահոգուիլ իր ընկերային դիրքի վատթարացումով եւ զաւակներուն անորոշ ապագայով:
Երբ քաղաքական հաստատութիւնները չեն յաջողիր պատասխանել այս մտահոգութիւններուն, ազգային ինքնութիւնը կը վերածուի քաղաքական զօրաշարժի ազդեցիկ միջոցի: Գերիշխանութեան, ապահովութեան եւ սահմաններու վերահսկողութեան վերականգնման խոստումները կը շահագործեն ընկերային անապահովութիւնը` զայն կապելով մշակութային պատկանելիութեան հարցերուն:
Այսպիսով, աջի եւ ձախի պայքարը այլեւս միայն տնտեսական քաղաքականութիւններու կամ խորհրդարանական մեծամասնութեան շուրջ չէ: Ան կը վերաբերի պետութեան, քաղաքացիութեան, ազգային ինքնութեան եւ քաղաքական օրինականութեան տարբեր պատկերացումներուն:
Ընտրական յաղթանակէն մինչեւ սահմանադրական իշխանութիւն
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ կեդրոնական ու արեւելեան Եւրոպայի զարգացումները կը բացայայտեն այս վերափոխումներուն տարբեր երեսները:
Ֆրանսայի մէջ քաղաքական մասնատուածութիւնը կ՛արտացոլացնէ ընկերային անհաւասարութեան, գաղթականութեան եւ աշխարհիկութեան շուրջ հակասութիւնները:
Գերմանիոյ մէջ Այլընտրանք Գերմանիոյ համար կուսակցութեան վերելքը կը բարձրացնէ հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութեան եւ ժողովրդավարական երաշխիքներու ամրութեան հարցերը: Իտալիան կը ցուցադրէ ազգայնական ուժերու դժուարութիւնները, երբ ընդդիմութենէն կ՛անցնին իշխանութեան, իսկ արեւելեան Եւրոպայի որոշ երկիրներու մէջ ազգային գերիշխանութեան հարցը կը բախի եւրոպական սահմանադրական սկզբունքներուն:
Այս զարգացումները կը յառաջացնեն էական հարցադրում մը. ընտրական մեծամասնութիւնը իրաւունք ունի՞ վերասահմանելու ժողովրդավարութեան հաստատութենական հիմքերը:
Ընտրութիւնները կառավարելու իրաւունք կու տան, սակայն ոչ` պետութիւնը սեփականացնելու, դատական իշխանութեան անկախութիւնը խաթարելու կամ հիմնարար ազատութիւնները սահմանափակելու: Ժողովրդավարութիւնը միայն մեծամասնութեան իշխանութիւն չէ, ան կ՛ենթադրէ` սահմանադրական երաշխիքներ, քաղաքական բազմակարծութիւն եւ օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն:
Միաժամանակ օրէնքի գերակայութեան պաշտպանութիւնը պէտք չէ վերածուի քաղաքացիներու օրինական մտահոգութիւնները անտեսելու պատրուակի: Տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներու անտեսումը կը զօրացնէ այն ուժերը, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ ժողովուրդին միակ ներկայացուցիչները:
Գերիշխանութիւն, գաղթականութիւն եւ ընկերային համերաշխութիւն
Գաղթականութիւնը դարձած է եւրոպական ճգնաժամին ամէնէն զգայուն հարցերէն մէկը: Բնակչութեան ծերացումը եւ աշխատուժի պակասը կը պահանջեն կազմակերպուած ներգաղթի քաղաքականութիւն, մինչ բնակարանային, կրթական եւ ընկերային համարկումի անբաւարար ծրագիրները կը խորացնեն լարուածութիւնները:
Մարտահրաւէրը տնտեսական կարիքները, ապահովութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները հասարակաց սահմանադրական համակարգի մը մէջ համադրելն է: Ազգային ինքնութեան պաշտպանութիւնը չի կրնար արդարացնել խտրականութիւնը, ինչպէս մշակութային բազմազանութեան յարգանքը չի նշանակեր օրէնքի խախտումներու հանդէպ հանդուրժողութիւն:
Այս հակասութիւնները կը բացայայտեն նաեւ եւրոպական ընկերային պայմանագիրին տկարացումը: Երբ քաղաքացին կը կորսնցնէ տնտեսական արդարութեան եւ հաստատութիւններու նկատմամբ վստահութիւնը, բացառման եւ վախի վրայ հիմնուած քաղաքական քարոզչութիւնը աւելի ազդեցիկ կը դառնայ:
Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական երկընտրանքը
Ներքին քաղաքական պառակտումները կը զուգադիպին միջազգային համակարգի խոր փոփոխութիւններուն:
Ուքրանիոյ դէմ ռուսական պատերազմը բացայայտեց արտաքին ապահովական երաշխիքներուն նկատմամբ Եւրոպայի կախուածութեան սահմանները: Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի ռազմավարական մրցակցութիւնը, Միջին Արեւելքի անկայունութիւնը եւ ուժանիւթի ու առեւտուրի մարտահրաւէրները կը շեշտեն եւրոպական ռազմավարական ինքնուրոյնութեան անհրաժեշտութիւնը:
Սակայն պաշտպանական կարողութիւններու եւ տնտեսական մրցունակութեան ամրապնդումը մեծածաւալ միջոցներ կը պահանջէ, երբ կառավարութիւնները արդէն իսկ կը դիմագրաւեն ընկերային պաշտպանութեան համակարգերը պահպանելու դժուարութիւններ:
Հետեւաբար, Եւրոպան ինչպէ՞ս կրնայ ամրապնդել իր արտաքին ապահովութիւնը` առանց տկարացնելու ներքին ընկերային կայունութիւնը:
Ազգային ապահովութիւնը եւ մարդկային ապահովութիւնը անբաժանելի են: Զինուորական ուժը չի կրնար երկարաժամկէտ կայունութիւն ապահովել, եթէ քաղաքացիները կորսնցնեն ընկերային արդարութեան եւ քաղաքական ներկայացուցչութեան նկատմամբ վստահութիւնը:
Թուային ապատեղեկատուութիւնը եւ քաղաքական բեւեռացումը եւս կը խորացնեն ճգնաժամը` տկարացնելով հանրային քննարկումներու որակը եւ հասարակաց իրականութեան ընկալումը:
Եւրոպական ծրագիրին ապագան
Եւրոպայի ճգնաժամը կարելի չէ լուծել միայն աջի եւ ձախի միջեւ նոր հաւասարակշռութիւն ստեղծելով կամ կուսակցական դաշինքները վերակազմակերպելով: Ան կը պահանջէ պետութեան, քաղաքացիին եւ քաղաքական իշխանութեան փոխյարաբերութիւններուն վերարժեւորումը:
Տնտեսական վերականգնումը պէտք է զուգորդուի ընկերային արդարութեամբ, ազգային գերիշխանութիւնը` եւրոպական համագործակցութեամբ, իսկ սահմանադրական սկզբունքներու պաշտպանութիւնը` քաղաքացիներու մտահոգութիւններուն գործնական պատասխաններով:
Ամէնէն մեծ վտանգը այն է, որ Եւրոպայի ապագային շուրջ քաղաքական պայքարը վերակենդանացնէ պատմական այն բաժանումները, զորս եւրոպական համարկումը կը ձգտէր յաղթահարել:
Ո՛չ վախը շահագործող ազգայնական աջը, ո՛չ միայն ազգայնականութիւնը դատապարտող ձախը, եւ ո՛չ ալ յստակ ընկերային տեսլականէ զուրկ կեդրոնը կրնան առանձինն լուծել այս ճգնաժամը: Եւրոպային անհրաժեշտ է վերանորոգուած ընկերային պայմանագիր մը, որ կը համադրէ` ապահովութիւնն ու ազատութիւնը, գերիշխանութիւնն ու համարկումը, ազգային ինքնութիւնն ու հաւասար քաղաքացիութիւնը:
Եւրոպան միայն ինքնութեան ճգնաժամ չի դիմագրաւեր: Ան կը դիմագրաւէ ինքնութեան քաղաքական կառավարման եւ ժողովրդավարական իշխանութեան օրինականութեան ճգնաժամ:
Հետեւաբար վճռորոշ հարցը այն չէ, թէ ա՞ջը պիտի յաղթէ, թէ՞ ձախը, այլ` Եւրոպան պիտի կարենա՞յ պահպանել ժողովրդավարութեան սահմանադրական, ընկերային եւ քաղաքական հիմքերը:
Եթէ իշխանութեան համար պայքարը խաթարէ օրէնքի գերակայութիւնը, ի՞նչ պիտի մնայ այն եւրոպական ծրագիրէն, որ ծնունդ առաւ ազգայնականութեան եւ պատերազմներու աւերակներէն:


