Ազրպէյճանը Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծած է բոլորովին նոր իրավիճակ, որ երբեք գոյութիւն չէր ունեցած շրջանի անկախ պետութիւններու պատմութեան ընթացքին: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ Միջմշակութային երկխօսութեան 7-րդ համաշխարհային ֆորումի բացման ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:
Ալիեւ ըսած է, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին շրջանին մէջ եղած են թէ՛ դրական, թէ՛ ալ բացասական իրադարձութիւններ: Իբրեւ բացասական ան նշած է երկրի անմիջական դրացնութեամբ նոր պատերազմ ծագիլը, իսկ իբրեւ դրական` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը:
«Համաձայնագիրի նախաստորագրման վայրը նոյնպէս մեծ խորհրդանշական նշանակութիւն ունի: Անիկա նախաստորագրուած է Ուաշինկթընի մէջ` Սպիտակ տան մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ներկայութեամբ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները Միացեալ Նահանգներու նախագահին ներկայութեամբ ստորագրած են ոչ թէ անհամաձայնութիւններու վերաբերեալ փաստաթուղթ, այլ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաստորագրուած բնագիրը», ըսած է ան:
Ալիեւ յիշեցուցած է, որ ատոր հետ մէկտեղ ստորագրուած է նաեւ միացեալ հռչակագիր, զոր Միացեալ Նահանգներու նախագահը իբրեւ վկայ ստորագրած է:
«Այսպիսով, մենք չսահմանափակուեցանք միայն արդարութեան վերականգնումով եւ մեր տարածքներու ազատագրումով: Մենք նաեւ ստեղծեցինք Հարաւային Կովկասի մէջ բոլորովին նոր իրավիճակ, որ երբեք գոյութիւն չէր ունեցած Հարաւային Կովկասի անկախ պետութիւններու պատմութեան մէջ: Աւելի՛ն, մենք այս նոր իրականութիւնը պաշտօնապէս ամրագրեցինք Սպիտակ տան մէջ», նշած է ան:
«2020 թուականի պատերազմը եւ 2023 թուականին տեղի ունեցած հակաահաբեկչական գործողութիւնը վերջ դրին բռնագրաւումին: Մենք ամբողջովին վերականգնած ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը` միջազգային օրէնքի արժեչափերուն համապատասխան: Ատկէ ետք մենք Հայաստանին խաղաղութիւն առաջարկեցինք, եւ ասիկա նոյնպէս աննախադէպ դէպք է:
«Պատերազմներու պատմութեան մէջ մենք չենք գտներ մէկ օրինակ, երբ երկիրները վերջին արիւնալի բախումէն երկու տարի ետք խաղաղութեան հասնէին: Անցեալ տարուան ամրան խաղաղութեան համաձայնագիրը նախաստորագրուեցաւ:
«Ինքնին մենք հանդէս եկանք Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախաձեռնութեամբ, որովհետեւ չէինք ուզեր յաւերժական պատերազմ եւ մտադիր չէինք վրէժխնդիր ըլլալ: Թէեւ, կը կարծեմ, անհրաժեշտ է հաշուի առնել նաեւ զգացումները: Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ մենք վրէժխնդիր եղած ենք մարտի դաշտին մէջ եւ պէտք չէ ատկէ անդին երթանք: Հակառակ պարագային պատերազմը անվերջ պիտի ըլլայ», ըսած է Ալիեւ:
«Ըստ ամենայնի, աշխարհի յառաջատար տէրութիւններուն միջեւ այս հարցին մէջ համախոհութիւն կար: Սակայն անոնք սխալեցան միայն անոր մէջ, որ ոչ ճիշդ գնահատեցին ազրպէյճանցի ժողովուրդի տրամադրութիւնները եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան ծրագիրները:
«Մենք մտադրութիւն չունէինք մնալ բռնագրաւուած երկիր, ժողովուրդ, որուն տարրական իրաւունքները յաւերժ պիտի խախտուին: Մենք ամենայն անկեղծութեամբ եւ յոյսով մասնակցած ենք բանակցութիւններուն: Սակայն, երբ տեսանք, որ այս գործընթացը ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգեցնէ, որոշում տուինք կարգաւորել հարցը` մեկնելով մեր օրինական իրաւունքներէն, ներառեալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութենէն եւ անոր 51-րդ յօդուածին մէջ ամրագրուած ինքնապաշտպանութեան իրաւունքէն:
«Մենք մեզ պաշտպանեցինք, ջախջախեցինք թշնամին, ազատագրեցինք 32 տարի շարունակ Հայաստանի բռնագրաւումին տակ գտնուող մեր տարածքները, վերականգնեցինք արդարութիւնը, վերականգնեցինք մեր արժանապատուութիւնը եւ կատարեցինք միջազգային իրաւունքի պահանջները», նշած է Ալիեւ:


