Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը չորս խոշորացուած համայնքներու մէջ ապահոված է զգալի թիւով քուէներ` հակառակ ընտրապայքարի ընթացքին արձանագրուած ճնշումներուն վերաբերեալ ընդդիմութեան ահազանգերուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան հրապարակած է կուսակցութեան ընտրական արդիւնքները:

Ծաղկաձորի մէջ Դաշնակցութիւնը ստացած է 449 քուէ` շուրջ 15,4 առ հարիւր, Մարտունիի մէջ` 2053 քուէ` 11,2 առ հարիւր, իսկ Արտաշատի մէջ` 2925 քուէ` 10,6 առ հարիւր: Հրազդանի մէջ կուսակցութիւնը ստացած է 1736 քուէ. Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախնական տուեալներով` շուրջ 9,2 առ հարիւր:

Սաղաթէլեան իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ ընդգծած է, որ կուսակցութիւնը այս արդիւնքները արձանագրած է քաղաքական ճնշումներու եւ հետապնդումներու պայմաններուն մէջ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Դաշնակցութեան վստահած ընտրողներուն, ինչպէս նաեւ չորս համայնքներու կուսակցական կառոյցներուն, թեկնածուներուն եւ ընտրական աշխատանքներուն մասնակցած բոլոր անդամներուն:

Դաշնակցական գործիչը շեշտած է, որ տեղական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը Դաշնակցութեան համար միայն համայնքային ներկայացուցչութեան հարց չէր: Կուսակցութիւնը այս ընտրապայքարը նկատած է նաեւ համապետական քաղաքական պայքարի շարունակութեան եւ իր շուրջ համախմբուած ուժերու կապերուն պահպանման միջոց:

Սաղաթէլեան շեշտած է, որ Հայաստանի քաղաքական կացութեան արմատական փոփոխութիւնը կարելի է ապահովել միայն գործող իշխանութեան հեռացումով:

Ան վերահաստատած է Դաշնակցութեան վճռակամութիւնը` շարունակելու քաղաքական պայքարը եւ համախմբելու իշխանափոխութեան ձգտող ուժերն ու քաղաքացիները:

 

 

Նախորդը

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

RelatedPosts

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
Տաւուշի Կողմէ Սահմանը Հատած  Ազրպէյճանցին Վերադարձուած Է Պաքու
Հայկական

Տաւուշի Կողմէ Սահմանը Հատած Ազրպէյճանցին Վերադարձուած Է Պաքու

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.