Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ Իրանի հետ զինադադարի հաստատումով շատ համոզուած չէր եւ զայն «ժամանակի վատնում» նկատեց:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ «աննախադէպ» ծովային շրջափակում հաստատած են:
Թրամփ աւելցուց, որ ամերիկեան ուժերը ամբողջական կերպով կը տիրապետեն Հորմուզի նեղուցին մէջ իրավիճակին, եւ «անոր միջոցով պատերազմի սկիզբէն առաջ եղածէն աւելի քարիւղ դուրս կու գայ»:
Ըստ անոր, իրանեան որեւէ նաւ երկար ամիսներէ ի վեր չէ կրցած ծովային պաշարումը խզել:
Անդրադառնալով զինուորական գործողութեան` Սպիտակ տան ղեկավարը ըսաւ, թէ ամերիկեան ուժերը քանդած են իրանեան ծովուժը, 159 նաւեր ընկղմած են, 268 հալածիչներ քանդած, ինչպէս նաեւ աւերած իրանեան ռատարի համակարգերուն մեծամասնութիւնը:
«Իրանցիները խելացի են, ազդու զէնքեր կ՛արտադրեն, սակայն զանոնք ծանր պարտութեան մատնեցինք», աւելցուց Թրամփ:
Ան Իրանը մեղադրեց 1979 թուականէն ի վեր ամերիկացիներ սպաննելու յանցանքով, եւ զայն նկատեց «աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան թիւ մէկ հովանաւորը»` պնդելով, որ անիկա հիւլէական ռումբ ձեռք ձգելէն հազիւ երկու շաբթուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր:
Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը նշեց, որ մեծաթիւ իրանցիները համապարփակ պատերազմի վերականգնման կը պատրաստուին:
Իրանցի նախկին կառավարական պաշտօնատար եւ Թեհրանի համալսարանին մէջ արտաքին քաղաքականութեան դասախօս Սասան Քարիմի «Փոլիթիքօ»-ին յայտնած է, որ Իրանի ղեկավարներուն կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանական է, որ նոր յարձակումներ շղթայազերծելու հրաման պիտի տայ` Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքէն անկախ, եւ իրենք անհրաժեշտ քայլեր որդեգրելու համար հաւանական բեմագրութիւններ կը սերտեն:


