Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Թեհրան դիւանագիտութեան պատուհանը չփակեց, եւ միջնորդներու ճամբով Միացեալ Նահանգներուն նամակներ կը փոխանցուին:

Պաղայի ըսաւ, թէ կը թուի, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն միակողմանի պահանջներ ներկայացնել, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ու ամերիկացի պաշտօնատարները շարունակ «ամբողջական անձնատուութիւն» բառակապակցութիւնը կ՛օգտագործեն, ինչ որ որեւէ իրանցի չ՛ընդունիր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նախքան այդ յայտարարեց, թէ Հորմուզի նեղուցի կառավարումը իր նախկին իրավիճակին պիտի չվերադառնայ` նշելով, որ անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին շրջանին մէջ տեղի ունեցած պատերազմները «շրջադարձի կէտ» եղան եւ ապահովական պայմանները փոխեցին:

Արաղչի նշեց, որ Թեհրան Օմանի հետ խորհրդակցաբար վերստին պիտի ուսումնասիրէ նեղուցէն անցքի ուղիներն ու անոր ղեկավարման մեքանիզմները` աւելցնելով, որ այդ գծով բանակցութիւնը կը շարունակուի:

«Սի.Էն.Էն.», յղում կատարելով ամերիկացի երկու պաշտօնատարներու, հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերը կրնան Իրանի դէմ նոր, լայնածաւալ գործողութիւններու սկսիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հրամանէն ետք 96 ժամուան ընթացքին:

Անոր տուեալներով` շրջանին մէջ արդէն իսկ բաւարար ուժեր տեղակայուած են նման յարձակումներ իրականացնելու համար: Ինչպէս նշած են պատկերասփիւռի կայանի զրուցակիցները, գործողութիւնները կրնան դուրս գալ ռատարներուն, արձակման հարթակներուն եւ արագ վերականգնման ենթակայ իրանեան այլ կառոյցներուն հասցուող սահմանափակ հարուածներուն ծիրէն:

Անոնք ընդգծած են, որ հարցը այն չէ, թէ արդեօք հրաման պիտի տրուի, այլ թէ յատկապէս ատիկա ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ: Պաշտօնատարները կ՛ենթադրեն, որ ատիկա կրնայ պատահիլ մինչեւ տարեվերջ, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, Միացեալ Նահանգներու մէջ միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք, թէեւ Թրամփ վերջնական որոշում չէ տուած:

«Սի.Էն.Էն.» կը նշէ, որ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնն ու Փենթակոնը արդէն կազմած են թիրախներու լայն ցանկ մը, որուն մէջ կը մտնեն իրանեան ուժանիւթային ենթակառոյցները, զինուորական եւ հիւլէական կառոյցները: Ամերիկեան հետախուզութեան գնահատականներով` հարուածի պարագային Իրանը եւ հուսիները, հաւանաբար, անմիջապէս պիտի պատասխանեն թէ՛ շրջանին մէջ, թէ՛ ալ անոր սահմաններէն դուրս ամերիկեան ուժերու եւ կառոյցներու վրայ յարձակումներով:

 

Նախորդը

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

RelatedPosts

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին  Հեղինակները Ձերբակալուեցան.  Ապտալլա Բ. «Ըսինք, Թէ Ահաբեկիչները  Պատիժէն Պիտի Չկարենան Փախուստ Տալ»
Միջազգային

Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին Հեղինակները Ձերբակալուեցան. Ապտալլա Բ. «Ըսինք, Թէ Ահաբեկիչները Պատիժէն Պիտի Չկարենան Փախուստ Տալ»

October 27, 2026
Թեհրանի Մէջ Առաջին Ժողովէն Ետք.  Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան  Ու Փաքիստանը Համաձայնեցան  Բանակցութիւնները Շարունակելու
Միջազգային

Թեհրանի Մէջ Առաջին Ժողովէն Ետք. Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան Ու Փաքիստանը Համաձայնեցան Բանակցութիւնները Շարունակելու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.