Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց. «Լիբանանը կ՛անցնի հայրենիքի եւ շրջանի պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր փուլերէն մէկէն, ինչ որ կը պահանջէ ազգային միասնականութեան կառչիլ եւ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պաշտպանել` հիմնուելով անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի դպրոցին կողմէ սահմանուած մօտեցման եւ խորհրդարանի նախագահ, ժառանգութեան պահապան Նեպիհ Պըրրիի շեշտածին վրայ»:
«Ազգային միասնականութիւնը Լիբանանի` իբրեւ իր բոլոր զաւակներուն վերջնական հայրենիք կառուցման հիմքն է», ըսաւ երեսփոխանը:
«Անհրաժեշտ է բոլորուիլ բանակին շուրջ` նկատի ունենալով, որ ան ամբողջ հայրենիքի բանակն է, եւ կառչիլ Պըրրիի` անցեալ 31 օգոստոսին իմամ Սատըրի եւ անոր ընկերներու անհետացման յիշատակի ոգեկոչման ընթացքին արտայայտած դիրքորոշման, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքացիական խաղաղութեան եւ սադրանքի արգիլման», շեշտեց Խրէյս:
«Լիբանանի պաշտպանութիւնն ու անոր ժողովուրդի պահպանումը ներքին միասնականութեան ամրապնդում եւ վնասուած շրջաններու կեանքի վերականգնման ջանքերու աշխուժացում կը պահանջեն», յայտնեց երեսփոխանը:


