Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

October 27, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մասնակցութիւն` Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին Առնչուած Յանձնախումբերու Եւ Վերագրութեան Խումբերու Խորհրդաժողովին

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) յանձնախումբերու եւ Կեանքի, արդարութեան ու խաղաղութեան վերագրութեան խումբերու 2026 թուականի միացեալ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Թայլանտի Չիանկ Մայ քաղաքին մէջ, հիւրընկալութեամբ Թայլանտի «Չըրչ աֆ Քրայստ» աւետարանական եկեղեցիներուն, համագործակցութեամբ Ասիոյ եկեղեցիներու խորհուրդին: Մէկ շաբթուան վրայ երկարած խորհրդաժողովը արծարծեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի տարբեր մարմիններու գործունէութիւնները, որոնք կը ծաւալին միջազգային յարաբերութեան, կլիմայի արդարութեան, կայուն զարգացման, առողջութեան, ցեղի եւ սեռային արդարութեան եւ էքիւմենիք առաքելութեան ոլորտներու մէջ:

Թայլանտի զանազան համայնքներու հետ տեսակցութիւններու, աղօթքի, աստուածաբանական խորհրդածութիւններու, լիագումար նիստերու եւ սեմինարներու ճամբով մասնակիցները առիթ ունեցան արծարծելու իրարու հետ աղերս ունեցող համաշխարհային մարտահրաւէրներ, ներառեալ` զինուած հակամարտութիւններ, անհաւասարութիւն, կլիմայական ճգնաժամ, արհեստական բանականութիւն, մարդկային արժանապատուութիւն եւ միջազգային յարաբերութիւններ` մեկնելով էքիւմենիք աշխարհի ընկերային մտածողութենէն: Խորհրդաժողովը նաեւ քննարկեց ներկայ պայմաններուն մէջ էքիւմենիք վկայութեան ընդհանուր տեսլականը:

Սոյն ժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, մասնակցեցաւ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան` իբրեւ «Ցեղապաշտութեան, այլատեացութեան, դասակարգապաշտութեան եւ ամէն տեսակի խտրականութեան» (Reference Group on Overcoming Racism, Xenophobia, Casteism and all forms of Discrimination) վերագրութեան խումբի անդամ եւ համաատենապետ, ինչպէս նաեւ` խորհրդաժողովի բանաձեւի յանձնախումբին անդամ:

Կաթողիկոսարանի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) անդամ Արշաւ Ճէրէճեան, յանուն կաթողիկոսութեան, մասնակցութիւն բերաւ յիշեալ համաժողովին` որպէս «Կլիմայի արդարութեան եւ կայուն զարգացման եկեղեցիներու յանձնաժողով»-ի անդամ (Commission of the Churches on Climate Justice and Sustainable Development), ուր ունեցաւ լիբանանահայ երիտասարդի իր ներդրումը:

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու Գարլա Խիժոյեան առանցքային դերակատարութիւն ունեցաւ խորհրդաժողովի ծրագրման մէջ: Ան ղեկավարեց նաեւ էքիւմենիք աշխարհի բերած խաղաղութեան բարոյականութեան առնչուած նիստին` Moving Beyond Just Peace and Just War? Reimagining Ecumenical Peace Ethics in an Age of Militarisation and Violence խորագիրով:

Լիագումար նիստերու ծիրին մէջ հայր Հրանդ` որպէս զեկուցաբեր, բանախօսեց «Կենսոլորտին հանդէպ պատասխանատուութեան վերականգնումը որպէս էքիւմենիք ընկերային բարոյականութեան հիմնարար սկզբունք. Կլիմայական արդարութեան համար գործունէութիւններու էքիւմենիք տասնամեակ» նիստին: Ան մանրամասնեց սիստեմաթիք ցեղապաշտութեան գործօնը կենսոլորտային եւ կլիմայական անարդարութեան խնդրին մէջ: Ներկայացնելով այս մարտահրաւէրներու ենթագիծը` հայր սուրբը խօսեցաւ Ցեղասպանութենէն եւ հայկական իրականութենէն քաղուած օրինակներով` դիտել տալով, որ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ հայրենիքի, մշակոյթի, լեզուի եւ ինքնութեան աստիճանաբար կորուստով: Հետեւաբար վերապրողները եւ անոնց շառաւիղները կը շարունակեն ոչնչացման սկզբնական ծրագիրին ենթակայ ըլլալ. բան մը, որ հայերու պարագային կ՛արտացոլայ «սուրի մնացորդաց» եզրին եւ 2023 թուականին արցախահայութեան բռնագաղթին մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոս` իբրեւ էքիւմէնիք շարժման երկարամեայ յառաջատար գործիչ, կը շարունակէ աջակցիլ եւ ոգեշնչել Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին` միաժամանակ կատարելով անոր մէջ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը ներկայացնող նախագահի իր դերը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Յանձնաժողովի Հանդիպումին

17-23 սեպտեմբեր 2026-ին Քանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Արդարութեան, հաշտութեան եւ միութեան ուխտագնացութիւն» յանձնաժողովին հանդիպումը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի պատասխանատուներէն Մովսէս աբղյ. Եօսուլքանեան:

Հանդիպումին մասնակցեցան միջեկեղեցական զանազան շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Ժողովի ընթացքին հայր Մովսէս անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն, Արցախի եւ տարածաշրջանի մանուկներուն եւ տեղահանուած ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն` շեշտելով խաղաղութեան, հաշտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պահպանման հրամայականը:

Մասնակիցները վերահաստատեցին արդարութեան, հաշտութեան եւ միութեան նկատմամբ եկեղեցիներու յանձնառութիւնը:

Հանդիպման ծիրին մէջ կազմակերպուեցան նաեւ այցելութիւններ եւ աղօթական արարողութիւններ:

Յանձնաժողովի հանդիպումը եզրափակուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ հայ ժողովուրդին նուիրուած աղօթքով:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Գործադիր Տնօրէնը

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2026-ին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած գլխաւոր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան` ընկերակցութեամբ հաստատութեան Լիբանանի տնօրէն Սերոբ Օհանեանի:

Վեհափառ հայրապետը նախ գնահատեց խնամակալութեան աշխատանքը եւ թելադրեց բարեփոխութեան ենթարկել անոր ներկայ կազմը, որպէսզի երիտասարդ անդամներու ներգրաւումով նոր կենսունակութիւն ստանայ խնամակալութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ ունենայ ներկայացուցչական բնոյթ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ «Նարեկացի» Հայագիտական Հիմնարկի Գործակցութեան Հեռանկարներ

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս ժամանեցին նախկին «Անիւ» հիմնադրամի, այժմ «Նարեկացի» հայագիտական հիմնարկի ներկայացուցիչները` գործնապէս ծանօթանալու Սուրբ Աթոռի ծաւալուն գործունէութեան, ծանօթացնելու իրենց իրագործած ու իրագործելի ծրագիրները եւ քննարկելու հաւանական գործակցութեան կարելիութիւնները:

Արդարեւ, 2026 հոկտեմբեր 1-8-ի ժամանակամիջոցին, հայ մշակոյթի եւ Սրբոց Թարգմանչաց յիշատակի ամսուան առաջին նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մէջ, երբ «Նարեկացի» հայագիտական հիմնարկի ներկայացուցիչները` Արմէն Խեչոյեան, Արթուր Սողոմոնեան, Ռուբէն Աթոյեան եւ Գոհար Աւագեան, պաշտօնական առաջին այցելութեամբ հիւրընկալուեցան կաթողիկոսարանին մէջ:

Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ ունեցան երկու հանդիպում, ուր լսեցին հայրապետին լայն փորձառութեամբ լեցուն միտքերն ու պատկերացումները, քննարկեցին գործակցութեանց ոլորտները եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:

Անոնք ստացան կաթողիկոսարանիս հրատարակութիւններէն, «Կիլիկիա» մատենադարանի ընդհանուր պատասխանատու Շահան արք. Սարգիսեանի առաջնորդութեամբ շրջագայեցան մայր տաճարի, Ապրիլեան նահատակաց յուշարձանի, գանձատան, «Կիլիկիա» մատենադարանի, «Կիլիկիա» թանգարանի, արխիւատան, միջեկեղեցական, տեղեկատուական, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի եւ նորակառոյց «Պէզիքեան» կեդրոնին մէջ: Տեսակցեցան կաթողիկոսարանի բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ: Յաջորդաբար այցելեցին` «Թռչնոց բոյն» եւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Ազունիէի Հայ ազգային բուժարան, Այնճար, Լէյլաւան եւ «Խորէն Ա.» կեդրոն, Սուրբ Նշան մայր եկեղեցի, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարան, ուր յատուկ հանդիպում ունեցան առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի հետ: Անոնք այցելեցին նաեւ  Ազգային Միացեալ վարժարան` տնօրէնութեան կողքին հանդիպելով նաեւ աշակերտութեան հետ, քալեցին Այնթուրայի հայ որբանոցին հետքերով, բարձրացան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանք եւ տեսակցեցան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան հետ:

Մեկնելէ առաջ պատուիրակութիւնը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին` միաժամանակ իր հիացումն ու գնահատանքը արտայայտեց այն հսկայ մշակութային ու կրթական առաքելութեան համար, որ կազմակերպ ու հետեւողական կերպով կը կատարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ:

«Նարեկացի» հիմնարկի պատասխանատուները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ` հայագիտութեան հետ աղերս ունեցող զանազան մարզերուն մէջ:

Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը «Նարեկացի» հիմնարկին, իբրեւ օրհնութիւն, նուիրեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթամատեանի կրկնօրինակը:

Գերմանիոյ Լեփսիուսի Անուան Կեդրոնի Պատասխանատուները Այցելեցին Վեհափառ Հայրապետին

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Գերմանիոյ Փոցտըմ քաղաքին մէջ հաստատուած Լեփսիուսի (Johannes Lepsius) անունը կրող ուսումնասիրական ու ակադեմական կեդրոնի  տնօրէն դոկտ. Ռոյ Քնոքէ եւ պատասխանատուներ այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` ընկերակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի սփիւռքագիտութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի:

Յայտնենք, որ Լեփսիուսը ծանօթ անուն մըն է` Հայոց ցեղասպանութեան առնչուած: Վեհափառ հայրապետը տարիներ առաջ երկու առիթներով այցելած է վերոյիշեալ կեդրոնը եւ հանդիպումներ ունեցած` պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ կեդրոնի տնօրէնը այցելած է Անթիլիասի մայրավանք:

Հանդիպումը առիթ եղաւ զրուցելու կեդրոնի աշխատանքներուն մասին: Կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին հայանպաստ գործունէութեան համար եւ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն անոր բերած նպաստը:

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը

Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2026-ին Արամ Ա. վեհափառ ընդունեց այցելութիւնը միջազգային ճանաչում վայելող կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի:

Հանդիպման ընթացքին Միքայէլեան հայրապետին ներկայացուց իր վերջին երաժշտական աշխատանքը` «Հայկական երաժշտութեան գլուխ-գործոցներ» եւ անդրադարձաւ անոր պատրաստութեան ու հայկական երաժշտութիւնը միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու ուղղութեամբ իր տարած գործունէութեան:

Կաթողիկոսը բարձր գնահատեց Միքայէլեանի երաժշտական վաստակն ու հայկական մշակոյթի տարածման ուղղութեամբ կատարած աշխատանքները եւ զինք քաջալերեց` շարունակելու իր առաքելութիւնը:

Նշենք նաեւ, որ վեհափառ հայրապետը, գնահատելով Միքայէլեանի ներդրումը երաժշտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ, 2024 թուականին զայն պարգեւատրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.