Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը գլխաւորեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողով մը, որուն ընթացքին լսեց Քարաք նահանգի Համուտ գիւղին մէջ ուրբաթ օր տեղի ունեցած եւ 9 զոհ ու 27 վիրաւոր պատճառած ահաբեկչական յարձակումին մասին ապահովական զեկուցումներ:
«Մեղմ վերաբերմունք կարելի չէ դրսեւորել, երբ հարցը կը վերաբերի յորդանանցիներու կեանքերուն», շեշտեց թագաւորը` վերստին դատապարտելով «Յորդանանի ասպնջականութեան ու ներդաշնակութեան համար օտար եղող այս ամօթալի ահաբեկչական արարքը»:
«Յորդանանցիներուն ապահովութիւնը կարմիր գիծ է», շեշտեց Ապտալլա Բ. թագաւոր` ընդգծելով. «Արդարադատութեան ձեռքը իւրաքանչիւր ահաբեկիչի պիտի հասնի: Այսպիսի երկչոտ արարքները Յորդանանն ու յորդանանցիները չեն կրնար վախցնել ու պիտի չվախցնեն, եւ անոնց ազգային միասնականութիւնը պիտի չքայքայեն»:
Թագաւորը համապատասխան մարմիններուն յանձնարարեց վճռականօրէն արձագանգել եւ երկաթէ բռունցքով հարուածել ահաբեկիչներուն եւ «իւրաքանչիւրին, որ կը համարձակի խաթարել յորդանանցիներուն միասնութիւնը», ընդգծելով օրէնքի ամբողջ ուժով հետապնդելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը բոլոր անոնք, որոնք աջակցած կամ արդարացուցած են այս արարքը:
Ապտալլա Բ. թագաւորը կոչ ուղղեց` նորութիւններէն շատ արագ տեղեկացնել քաղաքացիները եւ «վճռականօրէն դէմ դնել տարաձայնութիւններուն ու ապակողմնորոշող տեղեկութիւններուն, որոնք կրնան ոճիրը օգտագործել վախ ու սադրանք հրահրելու համար»:
Յորդանանի թագաւորը ընդգծեց ահաբեկչական գործողութիւններուն դէմ պայքարի մեքանիզմի համապարփակ անվտանգութեան գնահատման նախապատրաստման եւ գործնական ընթացակարգերու մշակման կարեւորութիւնը, որոնք պիտի բարձրացնեն անվտանգութեան պատրաստուածութիւնը` որեւէ նմանատիպ փորձի նախաձեռնողականօրէն դիմակայելու համար, ընդգծելով օրէնքի գերակայութեան եւ պետութեան հեղինակութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը:
Ապտալլա Բ. թագաւորը նաեւ կառավարութեան եւ առնչակից հաստատութիւններուն ցուցմունք տուաւ վերատեսութեան ենթարկելու «ծայրայեղական գաղափարախօսութեան դէմ պայքարի քաղաքականութիւնը եւ համակարգուած ծրագիրի ծիրի մէջ աշխուժացնելու անոր աղբիւրները չորցնելու ջանքերը` կրօնական իշխանութիւններուն հետ համակարգուած ձեւով»:
Յորդանանի վարչապետը երէկ յայտարարեց. «Պետութեան ծառայութիւնները աշխատանք կը տանին Քարաքի եկեղեցւոյ վրայ յարձակումին հարցով ոճրագործները ձերբակալելու»:
Երէկ պետական բարձրագոյն մակարդակով տեղի ունեցաւ ուրբաթ օրուան ահաբեկչական յարձակումի 9 զոհերուն յուղարկաւորութիւնը:


