Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց Թաէֆի համաձայնութեան ճշդած լիբանանեան քաղաքական կառոյցի փոփոխութեան ամերիկեան-թրքական կամ որեւէ այլ առաջարկի գոյութիւնը:
Նախարարութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հակամարտութեան ոլորապտոյտը վերջնականապէս աւարտելու համար եռակողմ մեքանիզմի շրջագիծին մէջ աշխատանքին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը շեշտեց:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամ Փիկըթ նշեց. «Զինաթափումը Հըզպալլային, որ Իրանի ահաբեկչական գործակատար կը նկատենք, հիմնաքարերէն է եռակողմ շրջագիծին, որուն նպատակը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հակամարտութեան վերջ տալն է»:
Նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց իր յանձնառութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ աշխատելու` Հըզպալլան զինաթափելու եւ այդ երկիրներուն համար երկարատեւ անվտանգութիւն ապահովելու:


