Երէկ բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի հարաւը գտնուող Գալիլիա քաղաքի արեւմտեան մուտքին իսրայէլեան անցարգելի մը վրայ տեղի ունեցաւ զինեալ յարձակում մը, որ աւելի քան 20 վայրկեան տեւողութեամբ բախումի վերածուեցաւ:
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ բախումին մասնակից երկու անձեր սպաննած է եւ պաղեստինեան գիւղեր շրջափակած:
Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը ցուցմունք տուաւ կեդրոնական շրջանին մէջ ուժերը ամրապնդելու եւ Գալիլիա քաղաքին ու յաւելեալ գիւղերու շուրջ ապահովական օղակ հաստատելու:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բախումէն ետք, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կուսակցութեան կոչ ուղղած է ընտրական ձեռնարկները ջնջելու:
Նեթանիահու յայտնեց. «Ապահովական ուժերուն ցուցմունք տուի Գալիլիա քաղաքը պաշարման ենթարկելու եւ Այսրյորդանանը ամբողջովին փակելու»:
«Մեր ուժերը Այսրյորդանանի մէջ լայնածաւալ յարձակումի մը արձանագրումը արգիլեցին», նշեց ան:
«Համասի զինեալներն ու անոնց ետին կանգնողները ամէնուր եւ ամէն ժամանակ պիտի հետապնդենք», յայտնեց Նեթանիահու:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, գործողութեան հեղինակները Գալիլիա քաղաքի բնակիչներ են:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ մէջ յարձակումին պատճառով իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած է:
Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ 2 զինուորներ սպաննուած են եւ 3 ուրիշներ վիրաւորուած:
Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչ յայտարարեց. «Ճիշդ ինչպէս Կազայի եւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ, Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ (Այսրյորդանան, «Ա.») Պաղեստինեան իշխանութիւնը կազմաքանդելու, զէնքը հաւաքելու եւ ահաբեկիչները ոչնչացնելու համապարփակ զինուորական արշաւ մը անխուսափելի է»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յարձակումին համար պատասխանատու նկատեց Համաս շարժումը:


