Արտաշատ խոշորացուած համայնքին մէջ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու շրջանակին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը երէկ` 22 հոկտեմբերին կայացուց ամփոփիչ հանրահաւաք: Հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ Ամօ Խարազեանի անուան տրամաթիքական թատրոնի հրապարակին վրայ: Հանրահաւաքին կը մասնակցէին համայնքի ղեկավարի թեկնածու Գերասիմ Վարդանեանն ու իր խմբակիցները, որոնք ընտրութիւններէն առաջ իրենց ուղերձը յղեցին արտաշատցիներին:
Ելոյթ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան, ՀՅԴ Արտաշատի «Դուման» կոմիտէի անդամ, աւագանիի թեկնածու Անի Ազատեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Արտաշատ խոշորացուած համայնքի ղեկավարի թեկնածու Գերասիմ Վարդանեան:
«Ձեզմէ իւրաքանչիւրին ներկայութիւնը շատ կարեւոր է: Դուք, որոնք ոտքի կը կանգնիք, կ՛ըսէք` դէմ ենք այս իշխանութիւններուն, հաշտ չենք այս իրավիճակին հետ եւ, հակառակ այսքան բռնութիւններուն ու ճնշումներուն, պատրաստ ենք պայքարելու, իմացէք` ձեզմէ իւրաքանչիւրդ շատ կարեւոր գործ կ՛ընէ: Դուք դիմադրութեան օճախներն էք: Այն ծանր բեռը, որ միասին վերցուցած ենք, պիտի տանինք մինչեւ վերջ: Պիտի չհաշտուինք եւ մեր սկսածը պիտի հասցնենք աւարտին», հանրահաւաքին յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան` աւելցնելով. «Այսօր մեր խումբը` Գերասիմ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, ձեզի կ՛առաջարկէ այլընտրանք: Մէկ կողմը կանգնած է Արցախը յանձնած, մեր ժողովուրդին մահ, պատերազմ, ողբերգութիւն բերած Քաղաքացիական պայմանագիրը` Նիկոլի գլխաւորութեամբ, միւս կողմը` խորքով հայկական, ազգային պահանջատէր ՀՅԴ-ն»:
Տարօն Տօնոյեանը, դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն, ըսաւ. «Իւրաքանչիւրիս առջեւ կանգնած է պայքարը շարունակելու հրամայականը: Մենք միշտ պէտք է պայքարինք ի հեճուկս մեր արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն: Դաշնակցութիւնը երբեք չի կրնար հանդիսատես ըլլալ երկրին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն:
«Դաշնակցութեան համար 2020 թուականին սկսած պատերազմը չէ աւարտած, քանի որ պայքարը կը շարունակուի հայկական ինքնութեան, եկեղեցւոյ, ազգային արժէքներու եւ պետականութեան դէմ», իր ամփոփիչ ելոյթին մէջ յայտարարեց Գերասիմ Վարդանեան` հանրահաւաքի մասնակիցներուն կոչ ուղղելով 25 հոկտեմբերին անվարան երթալու ընտրատեղամասեր եւ իրենց ձայները տալու Դաշնակցութեան:
Հանրահաւաքը վերջ գտաւ հայրենասիրական երգերով` երգիչ-երգահան, Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Ներսիկ Իսպիրեանի կատարողութեամբ:
Այնուհետեւ մասնակիցները երթով շարժեցան դէպի Արտաշատի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի:


