Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրուած Օրեր. Ժ. Քլաշինն Ու Թմբուկի Փայտիկները

October 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Ընթերցողին:

«Ապրուած օրեր» անունը նոր չէ: 1948-ին նոյն անունով լոյս տեսած է Արմէն Գարոյի գիրքը: Այս գրութիւնները անոր շարունակութիւնը չեն, այլ` ուրիշ ժամանակի ու սերունդի ապրուած օրեր:

Տարիներու ընթացքին կուտակուած այս յուշերը իմ կեանքիս պատառիկներն են, բայց նաեւ` մեր հաւաքական հայկական կեանքէն համեստ մաս մը: Անոնց մէջ կան օսմանահայ ընտանիքիս համն ու հոտը, սփիւռքեան ու հայաստանեան իրականութիւնները, հինը` նորին կողքին: Այս ամառ որոշեցի սկսիլ գրի առնել զանոնք: Յուսամ` անոնց մէջ դուք ալ ձեզմէ բան մը գտնէք:

Յուլիս կամ օգոստոս 1981 էր: Ճեմարանի մեր աւարտական տարին էր: Մեր սերունդի մանկապարտէզի սկզբնական երեք դասարաններէն հազիւ տասնհինգ-քսան հոգի մնացած էինք: Մեծ մասը արդէն հեռացած էր Լիբանանէն, ուրիշներ տարբեր դպրոցներ գացած էին: Պատերազմը կամաց-կամաց ցրուած էր մեզ: Այդ տարիներուն արեւելեան Պէյրութէն արեւմտեան Պէյրութ երթալ-գալը միշտ դիւրին չէր: Անցքերը կրնային փակուիլ, ճամբաները փոխուիլ, իսկ օրուան ապահով ճանապարհը յաջորդ օրը կրնար այլեւս ապահով չըլլալ: Այդ պատճառով շաբաթը մէկ-երկու գիշեր Ճեմարանի գիշերօթիկի շէնքը կը մնայի:

Երբ արեւմտեան Պէյրութ գիշերէի, երբեմն իրիկունը պահակութեան հերթ կու գար ինծի: Արեւմտեան Պէյրութի մէջ հայութեան թիւը պատերազմի տարիներուն պակսած էր, եւ միշտ երիտասարդ տղոց կարիք կար: Այդ նոյն օրերուն մեր աւագ սերունդի ընկերներուս` Րաֆֆի Գարագաշեանի, Կրէյս Սարգիսեանի, Վաչէ Հալաճեանի, Հրաչ Իսահակեանի, Արտա Գրոշեանի  եւ երգչուհի  Արտա Լուրեանի հետ հայկական ռոք նուագախումբ մը կազմած էինք դպրոցին մէջ: Անունն ալ պարզ էր` «ՃԵՄ»: Ես թմբկահարն էի: Այսօր կրկին դէպի ետ երթալով եւ մտածելով այդ մասին` քիչ մը անհեթեթ կը թուի: Քաղաքացիական պատերազմի մէջ ռոք` նուագախումբ: Մէկ գիշեր պահակութիւն կ՛ընէինք, միւս օրը Փինկ Ֆլոյտ կը փորձէինք: Բայց մեզի համար այդ էր կեանքը:

Մելքոն Էպլիղաթեան (1919-2005)

Իրիկուն մը «Արա Երեւանեան» ակումբ ներկայացայ հերթական պահակութեան համար: Ռահմեթլիք Ճոնին ըսաւ, որ այդ գիշեր Մելքոն Էպլիղաթեանին տունը պիտի գործուղուէի:  Ընկեր Մելքոնը հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն էր Լիբանանի խորհրդարանին մէջ: Քալելով գացի: Դուռը զարկի: Ինձմէ առաջ հոն եղող պահակը բացաւ: Աչքերը կարմրած էին անքնութենէն: Քլաշինն («Քալաշնիքով» գնդացիր) ու տարախները (սանտրներ) ինծի յանձնեց, տան դիրքը բացատրեց, քանի մը ուղղութիւն տուաւ եւ մեկնեցաւ: Տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան նոր վերադարձած էր Ամերիկեան հիւանդանոցէն: Օրեր առաջ իրեն դէմ մահափորձ կատարուած էր արեւմտեան Պէյրութի մէջ: Վիրաւորուած էր, բայց` փրկուած: Տան մէջ հանդարտութիւն կար: Դուստրը` Սիլվան, ինծի թէյ մը պատրաստեց: Քիչ մը խօսեցանք, յիշածիս չափ` եաման բան մըն էր. տղան` Նորայրը, արդէն տարիներ առաջ Ամերիկա ուսումի գացած էր. ապա ամէն մարդ իր սենեակը քաշուեցաւ:

Գիշերը ուշացաւ: Պատուհանէն դուրս կը նայէի: Արեւմտեան Պէյրութը մութ էր: Երբեմն հեռուէն ձայն մը կը լսուէր, յետոյ` դարձեալ լռութիւն: Յանկարծ տան մէջ ձայն մը լսեցի, եւ լոյս մը վառեցաւ: Մատս բլթակին վրայ էր: Քանի մը վայրկեան ետք մութին մէջէն մարդ մը յայտնուեցաւ: Տոքթ. Մելքոնն էր: Մօտեցաւ եւ շատ հանգիստ ըսաւ, որ քունը փախած էր: Քլաշինը մէկ կողմ դրի, ու սկսանք խօսիլ:

Հայ երեսփոխականական խումբը իրենց ընտրութեան օրը: Խաչիկ Պապիկեան, Մելքոն Էպլիղաթեան, Արա Երեւանեան, տոքթ. Մանուկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան:

Չեմ յիշեր, թէ այդ խօսակցութիւնը որքան տեւեց, բայց կը յիշեմ այն զգացումը, որ առաջին վայրկեաններէն ունեցայ: Դիմացս միայն լիբանանահայ երեսփոխան մը կամ բժիշկ մը չէր: Ուրիշ աշխարհէ եկած հայու տեսակ մըն էր: Պոլսոյ մէջ ծնած էր ան, հայրը` Մաթէոսը, զմիւռնիացի էր: Տոքթ. Մելքոնին մանկութիւնը գաղթականութեան ճամբաներուն վրայ անցած էր` Ռումանիա, Յունաստան, Ֆրանսա եւ Սուրիա: Իր սերունդին համար գաղթականութիւնը պատմութեան գիրքի մէջ կարդացած բան չէր: Իրենց կեանքն էր: Թերեւս այդ պատճառով իր քաղաքական մտածողութեան մէջ համայնքը պաշտպանելու շատ խոր բնազդ մը կար:

Խօսեցանք «դրական չէզոքութեան» մասին: Այդ էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայ համայնքին որդեգրած դիրքը` կարելի եղած չափով հեռու մնալ այդ անհեթեթ թայիֆայական (համայնքային) պատերազմէն: 1958-ի դէպքերը խոր հետք ձգած էին իր վրայ: Կը բացատրէր, որ մենք մեծ կայսրութիւններու Պաղ պատերազմին մէջ գործ չունէինք: Լիբանանի պատերազմին իր հիմնական մտահոգութիւնը Պուրճ Համուտը, լիբանանահայութիւնն ու հայկական հաստատութիւնները պահպանելն էր: Գաղութ մը, որ հազիւ յիսուն տարի առաջ Ցեղասպանութեան մոխիրներէն վերականգնած էր իր կեանքը, պէտք չէր ուրիշներու պատերազմին մէջ դարձեալ վտանգէր իր գոյութիւնը: Ան մեծ ճիգ տարած էր նաեւ միւս հայկական կուսակցութիւններուն հետ, որպէսզի լիբանանահայութիւնը կարելի եղած չափով ապահով եւ միասնական մնար. լիբանանեան բոլոր կողմերուն հետ կը խօսէր: Բայց իր չէզոքութիւնը անտարբերութիւն չէր, ոչ ալ կը նշանակէր անպաշտպան մնալ: Իր մտածողութեան մէջ յստակ տարբերութիւն կար ուրիշներու պատերազմին չմասնակցելու եւ սեփական համայնքը պաշտպանելու միջեւ: Ան իրապաշտ դաշնակցական էր:

Փաղանգաւոր մարտական ղեկավար Պեշիր Ժեմայելի եւ երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանի հետ:

Կը պատմէր նաեւ փաղանգաւոր մարտական ղեկավար Պեշիր Ժեմայելի հետ իր խօսակցութիւններուն մասին: 1976-ին` Պուրճ Համուտի վրայ յարձակումներէն ետք, փորձած էր անոր բացատրել, որ հայերը քրիստոնեայ լիբանանցիներ էին, բայց արաբ չէին, եւ եթէ ամբողջութեամբ մխրճուէին այդ պատերազմին մէջ, օր մը կրնային այլեւս Լիբանանի մէջ տեղ չունենալ: Պեշիրը կ՛ուզէր հայութիւնը պատերազմի մէջ մխրճել, իսկ ինք կը փորձէր զայն հեռու պահել:

Նոյն ոգիով կը պատմէր Արաֆաթի հետ իր խօսակցութիւններուն եւ Նապաայի դէպքերուն մասին: Տոքթորին համար ընդունելի չէր, որ օր մը Նապաայէն հայկական թաղերուն վրայ յարձակում ըլլար, իսկ յաջորդ օրը Արաֆաթ զինք «Մարհապա մուլաքիմ»-ով (բարե՛ւ, պայքարող) դիմաւորէր, կարծես ոչինչ պատահած ըլլար:

Լիբանանցի ազդեցիկ քաղաքական գործիչ եւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի առաջնորդ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ցոլակ Թիւթէլեանի հետ:

Տարիներ ետք, իր «Գաղթակայանէն խորհրդարան» յուշերու վերջին էջերուն աչք մը նետելով, աւելի լաւ հասկցայ, թէ ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ պետութեան այս բարդ ու վերացական յղացքները որքա՛ն զբաղեցուցած էին իր միտքը: Ուսումնասիրած էր այս նիւթերուն կապուած բազմաթիւ աշխատութիւններ` առանց երբեք անվիճելի համոզումներու յանգելու: Հայկական ինքնութեան մասին խօսելով` անոր բաղադրիչներուն շարքին կը նշէ` «Լեզուն, կրօնը, մշակոյթը, պատմութիւնը, աւանդութիւնները, ինքնագիտակցութիւնը, ազգային պատկանելիութեան զգացումը եւ հայրենիքը»: Ապա հարց կու տայ, թէ այս բոլորին համադրութիւնը արդեօք նոյնը կրնա՞յ ըլլալ բոլոր հայերուն համար: Տարբեր պայմաններու մէջ ապրող հայերու համար այս բաղադրիչները կրնային տարբեր կշիռ ունենալ: Եւ այդ էջերուն մէջ ան կը գուշակէր, թէ արդէն կազմաւորուելու վրայ էր աշխարհաքաղաքացի սփիւռքահայու նոր կերպարը:

Ես տասնեօթը տարեկան երիտասարդ մըն էի այդ օրերուն: Ան կեանքի, գաղթի, պատերազմի եւ քաղաքականութեան տասնամեակներ տեսած մարդ էր: Հաւանաբար իր ըսածներուն կէսը ամբողջութեամբ չէի հասկնար: Բայց բան մը մնաց մէջս: Քաղաքականութիւնը միայն գաղափարներու պայքար չէր: Երբեմն քաղաքականութիւնը մարդոց կեանքը, հայութիւն մը եւ անոր ապագան պահպանելու արուեստն էր:

Տարիներ ետք իր տղուն` Նորայրին հետ խօսակցութիւններէս աւելի բան իմացայ Մելքոն Էպլիղաթեանի եւ իր եղբօր` Գրիգորի մասին: Գրիգորը Հալէպի մէջ էր: Երբ Սուրիոյ պետութիւնը օտար եւ համայնքային դպրոցներու նկատմամբ նոր քաղաքականութիւն կը մշակէր, Մելքոն եւ Գրիգոր Էպլիղաթեանները, ՀՅԴ Բիւրոյի համադրութեամբ, աշխատանք տարած էին հայկական դպրոցներու հարցին շուրջ: Այդ աշխատանքին շնորհիւ հայկական դպրոցները կրցան շարունակել իրենց առաքելութիւնը յաջորդ տասնամեակներուն: Այդ ալ տոքթ.Մելքոնին նոյն քաղաքական մտածողութեան մէկ ուրիշ արտայայտութիւնն էր: Դիւանագիտութիւն կար, բայց վերջաւորութեան հարցը շատ պարզ էր` ինչպէ՞ս պահել դպրոցը, համայնքը եւ հայ կեանքը:

Ընկեր Մելքոն բժիշկ էր, հասարակական գործիչ, քաղաքական մարդ եւ մտաւորական: 1972-էն սկսեալ երկար տարիներ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներէն եղաւ: Գրական եւ քաղաքական բազմաթիւ գրութիւններ ունէր, իսկ իր երկու հատորով «Գաղթակայանէն խորհրդարան» (1995, 2005) յուշերը իր ապրած ճանապարհին ու քաղաքական փորձառութեան մասին էին: Եթէ չեմ սխալիր, երկու տարի` 1968-69-ին, «Ազդակ»-ի տնօրէն եղած է: Կ՛ըսուի, թէ այդ օրերուն «Ազդակ»-ը չորս էջէն ութ էջի ընդարձակուած է` շնորհիւ նոր գրաշարական մեքենայի մը, որ Պոլսէն բերուած էր: Այսօր, երբ իր քաղաքական մտածողութեան կը վերադառնամ, անոր խոհեմ, չափաւոր եւ պետականամէտ մօտեցումը ինծի կը յիշեցնէ Սիմոն Վրացեանի, Արամ Մանուկեանի եւ Ալեքսանդր Խատիսեանի սերունդի քաղաքական մտածողութիւնը: Գաղափար ունեցող, բայց նաեւ` պետութիւն, ուժերու յարաբերութիւն եւ իրականութիւն հասկցող հայ քաղաքական միտքը:

Իսկ իր կրթուած եւ զարգացած պոլսեցի-զմիւռնիացի պահուածքին մէջ երբեմն կը յիշեմ զմիւռնիացի Տիրան մեծ հայրս: Այդ հին պոլսահայ եւ զմիւռնիահայ աշխարհը ուրիշ հմայք մը ունէր: Կրթուած, զուսպ, քիչ մը հին աշխարհի մարդիկ էին, որոնց հայկականութիւնը միայն զգացում չէր, այլ նաեւ` որոշ քաղաքակրթական մօտեցում: Անոնք կիլիկեցիներէն տարբեր էին. Այսօր այդ օսմանահայ արեւմտահայ աշխարհէն շատ քիչ բան մնացած է, եւ երբեմն իրենց պակասը զգալի է:

Այդ գիշեր երկար զրոյցէն ետք տոքթ. Մելքոնը յանկարծ յոգնեցաւ եւ վերադարձաւ իր սենեակը: Այլեւս երբեք չհանդիպեցանք: Մանկական տարիները Յունաստանի Ֆիքսի գաղթակայանին մէջ անցուցած եւ կեանքի վերջաւորութեան խորհրդարան հասած տոքթ. Մելքոնը մահացաւ 2005-ին: Բայց տարօրինակ է, թէ կեանքի մէջ երբեմն մէկ գիշերուան հանդիպում մը ինչպէ՛ս կրնայ մնալ յիշողութեանդ մէջ: Այդ ժամանակ չէի գիտեր, որ քառասունհինգ տարի ետք պիտի նստէի եւ այդ գիշերուան մասին գրէի: Այն ատեն պարզապէս Ճեմարանի աւարտական դասարանի աշակերտ մըն էի, որուն այդ գիշեր հերթ ինկած էր հոն պահակութիւն ընելու:

Յաջորդ առաւօտ դուռը զարնուեցաւ: Փոխարինող պահակը հասած էր: Քլաշինն ու տարախները իրեն յանձնեցի: Սիլվան սեւ սուրճ մը պատրաստած էր: Կարմրած աչքերս շփելով դուրս ելայ եւ սկսայ քալել արեւմտեան Պէյրութի փողոցներով դէպի Ճեմարան: Քաղաքը կամաց-կամաց կ՛արթննար: Դիմացի մզկիթէն շէյխին առաւօտեան նամազը կը լսուէր: Ճամբան Ժանին փուռը կեցայ, տաք մենէիշ մը կերայ, հետն ալ` թան, ու շարունակեցի ճամբաս դէպի Ճեմարան:

«ՃԵՄ» ռոք նուագախումբի օրերը, մօտաւորապէս 1980-ին:

Այդ կէսօրէ ետք «ՃԵՄ»-ի փորձ ունէինք: Պէտք էր քանի մը ժամ թեթեւ քուն մը քաշել: Արտա Լուրեանը կ՛ուզէր, որ Ռայիսա Մկրտչեանի «Երեւան 2750»-ը փորձենք: Մեր փորձերուն Փինկ Ֆլոյտ ալ կար, հայկական էսդրատային երգ ալ: Երբեմն կը մտածեմ, թէ որքա՛ն թոաֆ օրեր էին: Հազիւ մեր դասերուն կը հասնէինք: Չէինք գիտեր, թէ վաղը ի՛նչ պիտի պատահէր: Գիշերները մեր աւագ ընկերներու տուները պահակութեամբ կը լուսցնէինք, իսկ յաջորդ օրը դպրոց կ՛երթայինք, կը կատակէինք եւ ռոք կը չալէինք: Մեր երիտասարդութեան մէկ մասը այսպէս ծառայութեամբ անցաւ: Այն օրերուն համեստաբար ծառայելը շէրէֆլի էր:

Պատերազմը մեր շուրջն էր, բայց մենք տակաւին երիտասարդ էինք: Եւ երիտասարդութիւնը, նոյնիսկ պատերազմի մէջ իր ճամբան կը գտնէր: Մէկ գիշեր ձեռքիս քլաշինն էր, յաջորդ օրը` թմբուկի փայտիկները: Այն ատեն այս հակասութեան մասին չէինք մտածեր: Կ՛ապրէինք միայն: Քառասունհինգ տարի ետք, երբ այդ օրերուն կը վերադառնամ, ամէնէն զարմանալին այն է, թէ որքա՛ն սովորական դարձած էր մեզի անսովորը: Եւ որքան այսօր կը զգամ պակասը այդ օրերու մեր ղեկավարներու իմաստութեան ու հեռատեսութեան, տոքթոր Մելքոնի նման մարդոց:

Էհ, վալլահ:

**

Այս յօդուածաշարքին նախորդ գրութիւնները

Ա.- Կելիպոլի տուն թիւ 54  https://www.aztagdaily.com/archives/702461
Բ.- Մեծ հօրս մեծ հին ռատիոն https://www.aztagdaily.com/archives/703467
Գ.- Կիւզել Պոլիսն ու մեծ մայրս https://www.aztagdaily.com/archives/703889
Դ.- Պէյրութ, 70-ականներ https://www.aztagdaily.com/archives/705183
Ե.- Տանիքէ տանիք  https://www.aztagdaily.com/archives/705619
Զ.-  Երկու ապրիլ 24 https://www.aztagdaily.com/archives/706110
Է.- Հարպ https://www.aztagdaily.com/archives/706548
Ը.- Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը https://www.aztagdaily.com/archives/707002
Թ. Մայրս եւ ԼՕԽ-ի իր ընկերուհիները https://www.aztagdaily.com/archives/707943

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անդրանիկ Նաւասարդեան Խաղերու Մեկնարկը Տրուեցաւ Փառաշուք Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ

Յաջորդը

Դիմադրութիւն Եւ Երեւակայութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Շրջադա՞րձ Թէ՞ Խուսանաւում

October 23, 2026
«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Թատերական Երեկոյ Մը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.