. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Զգուշացումներ ստացուեցան իսրայէլեան նոր պատերազմի մէջ չներքաշուելու, եւ թէ Թել Աւիւը կրնայ չհետեւիլ նախորդ փուլի սահմանափակումներուն: Մտավախութիւնները կը կեդրոնանան այն կարելիութեան վրայ, որ Իրանի դէմ որեւէ հարուած կրնայ Լիբանանէն աջակցութեան ճակատ յառաջացնել, ինչ որ երկիրը կ՛ենթարկէ իսրայէլեան աւելի լայնածաւալ հակադարձութեան»:
. «ՍՓԱԹ ՇՈՒԹ ՆԻՈՒԶ» տեղեկացած է, որ Իսրայէլի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Մուաֆաք Թարիֆ իրեն մօտիկ եղող անձի մը ճամբով Պէյրութին յղած է պատգամ մը, որ զգուշ ըլլալու կոչ կը պարունակէր: Պատգամին պատճառը, անոր պարունակած զգուշացումներու բնոյթը եւ անոր ուղղակի հասցէատէր կողմը տակաւին յստակ չեն:
. ԴԻՏՈՐԴ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Թամփայի բանակցութիւններուն ընթացքին բեկումի մը արձանագրումը չի նախատեսուիր:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Թամփայի բանակցութիւններու փուլը անբաժանելի է 26 յունիսին Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ ստորագրուած փոխըմբռնումներու շրջագիծի դանդաղ գործադրումէն, որովհետեւ տակաւին Լիբանանի պահանջներուն եւ Իսրայէլի պայմաններուն միջեւ տարբերութիւններ կան, մինչ Ուաշինկթըն կը փորձէ պահպանել բանակցային հոլովոյթը»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլային զէնք ունենալ ու տեղափոխել շարունակելը երեւան կը բերէ այդ հարցին վերաբերեալ խոստումներուն եւ պետութեան կարողութեան կամ փափաքին միջեւ գոյութիւն ունեցող բացը»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հակառակ այն իրողութեան, որ իսրայէլեան յարձակումներն ու հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող զինուորական ներկայութիւնը տակաւին բանակցութիւններուն մէջ տարակարծութեան նիւթ են, սակայն անոնք Պէյրութը չեն ազատեր Շրջագծային նախագիծին մէջ նշուած անոր պարտաւորութիւններէն»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շրջանին մէջ կան շարք մը ցրուուած խաղաքարտեր, որոնք պատերազմներու ճամբով կը հաւաքուին` շրջանին աշխարհաքաղաքական քարտէսը գծելու համար, եւ Լիբանան հեռու չէ այս գործընթացէն, որ Միացեալ Նահանգներու կամ շրջանային պետութիւններուն հետ քաղաքականութեան բնոյթը կամ Լիբանանի մէջ իրանեան ազդեցութեան տարողութիւնը պիտի ճշդէ»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի սեփական աղբիւրը. «Լիբանանը իրանեան եւ իսրայէլեան աքցանի միջեւ է, եւ անոր խնդիրը երկակի է. Իսրայէլ լիբանանեան հողեր կը բռնագրաւէ եւ դաշտային մագլցումի կը դիմէ, իսկ իրանեան խնդիրը անոր զէնքին եւ մեր հողերը օգտագործելուն ու մեր գերիշխանութիւնը խախտելուն մէջ է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ երեսփոխանական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Վերջին զարգացումներուն եւ դէպքերուն լոյսին տակ, իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան, եւ անոնք համաձայնեցան մագլցումը զսպելու եւ ներքին ապահովութեան ու հասարակական կայունութեան պահպանման ծիրին մէջ կացութիւնը վերահսկողութեան տակ պահելու»:
. ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքէն երեսփոխանական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Կացութիւնը առողջ չէ, եւ երկիրը վտանգի ենթակայ է, քանի տակաւին Իսրայէլ կը շարունակէ իր յարձակումներն ու բռնագրաւումը: Թող բոլորը պատասխանատուութեան տէր ըլլան եւ երկխօսութեան կառչին»:
. ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐՆԵՐՈՒ երեսփոխանական պլոքէն աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Անկայունութեան աղբիւրը պետութենէն դուրս գտնուող զէնքն է, պէտք է այս հարցին վրայ կեդրոնանալ, եւ զէնքի պետութեան մենաշնորհ դառնալը պիտի իրականանայ, անկախ անկէ, թէ երբ»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ երեսփոխանական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Այն ամբողջ ճնշումը, որուն կուսակցութիւնը կ՛ենթարկուի, անոր ուժին ու ազդեցութեան ապացոյցն է` հակառակ որոշ մարդոց պնդումներուն, թէ կուսակցութիւնը տկարացաւ ու անկում արձանագրեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Արտաքին գործոց նախարար Ռաժժի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին իր ռուս պաշտօնակիցէն խնդրեց, որ իր երկիրը Ռուսիոյ մէջ ապաստանած Պաշշար Ասատի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի Ասատ հօր ու որդիի իշխանութեան օրերուն Սուրիոյ մէջ բռնի անհետացած լիբանանցիներու վերաբերեալ տեղեկութիւններ տայ»:


