Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Խըրխըզիստանի անդամները ներկայացուցած են զեկուցում Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան կասեցման հաւանական հետեւանքներուն մասին, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ի կատարումն Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու 29 մայիս 2026-ի յայտարարութեան` այդ երկիրներէն Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի անդամները պատրաստած են զեկուցում «Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին 2014 թուականի մայիսի 29-ի պայմանագիրի գործողութեան կասեցման հաւանական հետեւանքներուն վերաբերեալ»:
Զեկուցումը կ՛անդրադառնայ «Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուած միջոցներուն` ուղղուած Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան», կը ներառէ ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան իրաւական դրութիւններու համատեղելիութեան վերլուծութիւն: Նաեւ ներկայացուած է տեղեկատուութիւն «իրաւական մեքանիզմներու մասին, որոնք կոչուած են կանխելու Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան Հայաստանի որոշումին հետեւանքով ծագող վտանգները», գնահատականներ ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան կասեցման հաւանական հետեւանքներուն մասին:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ԵԱՏՄ-ի մէջ Հայաստանի հետագայ մնալու կարգավիճակը «հարցեր կը յարուցէ կազմակերպութեան մէջ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ Երեւանի քայլերու լոյսին տակ»: Անոր հեղինակները կը յիշեցնեն, մասնաւորապէս, որ այս տարուան 24 օգոստոսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան ծրագիրը ներկայացնելու ընթացքին Հայաստանի վարչապետը ուղղակիօրէն յայտարարեց, թէ երկրի ղեկավարութիւնը «յառաջիկային պիտի սկսի Եւրոպական Միութեան անդամագրուելու պաշտօնական դիմում ներկայացնելու գործընթացը»:
Զեկուցումը պիտի ներկայացուի ԵԱՏՄ-ի անդամ հինգ պետութիւններու ղեկավարներուն:


