Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտպանած է Ռուսիոյ դէմ նախատեսուած լայնածաւալ պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու իր որոշումը` զայն նկատելով Մոսկուան բանակցութիւններու սեղանի շուրջ պահելու փորձ: Ընկերային ցանցի վրայ իր կատարած գրառման մէջ, Թրամփ նաեւ մեղադրած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին` ըսելով, որ ան չ՛ուզեր պատերազմը աւարտել:
«Ռուսիոյ վերաբերեալ որոշումս շատ պարզ է: Ես Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ եմ, եւ չեմ ուզեր ընել որեւէ բան, որ յիմարաբար Ռուսիան պիտի հեռացնէ բանակցութիւններէն», գրած է Թրամփ:
Ան 16 հոկտեմբերի ուշ գիշերին ստորագրած էր գործադիր հրամանագիր, որ չեղեալ կը նկատէ նոր պատժամիջոցները, զորս նախաձեռնած էր Ուքրանիոյ կողմնակից, ամերիկացի հանգուցեալ ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմը:
Թրամփ շարունակած է պնդել, որ ռուսական քարիւղի մշակման գործարաններու վրայ Ուքրանիոյ յարձակումները կը բարձրացնեն մազութի վառելանիւթի համաշխարհային գիները, եւ, հետեւաբար, Միացեալ Նահանգներու մէջ վառելանիւթի գիները: Ան ընդգծած է, որ անկախ ուքրանական յարձակումներէն, Ռուսիան միլիոնաւոր թոներով մազութ կը մատակարարէ համաշխարհային շուկաներ:
«Ատիկա Զելենսքին չի հետաքրքրեր», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Յիշեցնելով Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմի Ուքրանիոյ տրամադրած ֆինանսական օգնութիւնը եւ այն, որ Եւրոպան «հսկայական գումարներ» կը տրամադրէ Քիեւին` Թրամփ եզրակացուցած է. «Ան (Զելենսքին) չ՛ուզեր այս պատերազմը աւարտել եւ հաւաբանար երբեք ալ չէ ուզած»:
«Երկու տարի առաջ ան կրնար շատ աւելի լաւ գործարք կնքել, քան հիմա: Անոր երկիրը աւերուած է, տարածքին մեծ մասը` կորսուած, դէպի ծով եւ ովկիանոս ելքը վերացած է, իսկ երկրի արական սեռի բնակչութիւնը կա՛մ խիստ նուազած է, կա՛մ լուրջ վիրաւորուած, կա՛մ մահացած: Ես կ՛ուզեմ, որ այս պատերազմը աւարտի», գրած է Թրամփ:
Զելենսքի կիրակի օր ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու վերջին քայլերը` ռուսական մազութ ներածելու որոշումը եւ պատժամիջոցներու մասին օրէնսդրութեան սառեցումը, պիտի վնասեն Ուքրանիոյ: «Եթէ Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս միանան Ռուսիոյ, եթէ այս երկու երկիրները դաշինքի մէջ յայտնուին, ապա, ի հարկէ, մենք չենք յաղթեր եւ չենք կրնար ամուր կանգնիլ», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին Սամարղանտ այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց. «Այն, որուն վրայ Զելենսքին պէտք է կեդրոնանայ, եւ որուն վրայ մենք անձամբ կ՛ուզենք կեդրոնանալ, այս պատերազմի աւարտն է: Ասիկա այն է, որուն վրայ ան պէտք է կեդրոնանայ: Մենք պիտի ուզէինք, որ բոլորը ատոր վրայ կեդրոնանան»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է. «Ինչ կը վերաբերի կարգաւորման, ապա դուք գիտէք, որ ամերիկեան կողմը կը շարունակէ իր միջնորդական խաղաղարար ջանքերը, մենք զանոնք բարձր կը գնահատենք»:
Փեսքով միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան առանց Քիեւէն իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցնելու պատրաստ ոեւէ մէկու մասնակցութեան կարգաւորումը անկարելի է:
«Անշուշտ, անհերքելիօրէն, Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումը առանց մասնակցութեան Քիեւէն ոեւէ մէկու, որ պատրաստ է իր վրայ պատասխանատուութիւն վերցնելու, անկարելի է», ընդգծած է Փեսքով:


