Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հինգշաբթի գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նախագահ Աունի հետ խօսեցաւ Հըզպալլայէն պայթուցիկ նիւթերու գրաւման մասին եւ յորդորեց պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգման պատասխանատուները պատասխանատուութեան ենթարկելու»:
«Ռուպիօ Աունը յորդորեց Լիբանանի եւ Իսրայէլի զինուորական հաստատութիւններուն միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւնները սկսելու», հաղորդեց նախարարութիւնը:
Լիբանանի նախագահական պալատը իր կարգին յայտարարեց, որ հանրապետութեան նախագահը վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ Ռուպիոյի հետ անդրադարձած է Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութեան:
«Քննարկումը նաեւ անդրադարձաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` հարաւային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու վրայ Իսրայէլի շարունակական յարձակումներուն լոյսին տակ: Նախագահ Աուն նախարար Ռուպիոյի կոչ ուղղեց` ճնշում գործադրելու Իսրայէլի վրայ` այդ յարձակումները դադրեցնելու, շրջագծային համաձայնագիրի պայմանները յարգելու, քարշակներով քանդման գործողութիւնները դադրեցնելու եւ գիւղացիներուն իրենց դաշտերը հասանելի դարձնելու կարելիութիւն տալու ու վնաս չպատճառելու համար», նշեց պալատը:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահ Աուն Ռուպիոյին վստահեցուց, թէ բանակն ու ապահովական ուժերը լիովին կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները` զինեալ երեւոյթներու արգիլման, զէնքի եւ զինամթերքի գրաւման, ինչպէս նաեւ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ որոշումներու կատարման մէջ: Վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ձեռնարկուած քայլերը այդ ծիրին մէջ են», յայտնեց նախագահական պալատը:
Նախագահական պալատը նաեւ նշեց. «Աուն նշեց, որ դատական մարմինները կը հետեւին իրենց փոխանցուած բոլոր գործերուն, եւ մեղաւորներուն նկատմամբ որեւէ մեղմութիւն պիտի չըլլայ, եւ որ օրէնքները պիտի կիրարկուին առանց որեւէ կողմնակալութեան»:


