Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ դաւաճանուած կը զգայ, եւ վերջինս պատմութեան ճիշդ կողմը չէ կանգնած:

«Ամերիկեան ճնշումի տակ պիտի չհրաժարիմ», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Ո՛չ Թրամփը, ո՛չ Մասքը, ո՛չ ոք բացի ժողովուրդէն կրնայ Ուքրանիոյ նախագահը ընտրել»:

Ան ըսաւ, թէ կարգ մը «մեծ մարդիկ» կ՛ուզեն, որ ընդունի, թէ ուքրանական հողը ռուսական հող է:

Ակնարկելով Միացեալ Նահանգներուն` Զելենսքի նշեց. «Ցաւալի է, որ ուժեղ գործընկեր մը կը կորսնցնենք: Ամերիկան կը կորսնցնենք, սակայն ոչ մեր պատճառով»:

«Չենք կրնար տկար ըլլալ, այլապէս չենք կրնար վերապրիլ», ըսաւ ան:

«Թրամփի խորհրդականները սխալ են», յայտնեց Ուքրանիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ մէկը զինք Ուքրանիոյ հակամարտութեան վերաբերեալ ներկայ տեսակէտի որդեգրման կը մղէ:

Ան ըսաւ, որ Բրիտանիոյ վարչապետէն պիտի խնդրէ «Սթարլինք»-ի եւ հետախուզական տեղեկութիւններու փոխանակման հարցով օգնել:

«Ցաւալի է, որ որոշ դժուարութիւններ ունինք, որոշ անակնկալներ, որոնք չէք ակնկալեր, երբ իսկական գործընկերութիւն ունիք: Մենք Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութեան կը վստահինք: Պարզապէս կ՛ուզենք շատ անկեղծ, յստակ ըլլալ, ուժեղ գործընկերներ ըլլալ», նշեց Ուքրանիոյ նախագահը:

«Մենք մեր երկիրը չենք վաճառեր: Ասիկա մեզի համար առեւտուր չէ: Ասիկա պարզապէս մեր կեանքն է: Ցաւալի է, երբ նախագահ Թրամփը կ՛ընտրէ մէկ կողմը, եւ ոչ թէ մերը: Մենք դէմ չենք, որ ան չէզոք դիրքորոշում ունենայ: Սակայն եթէ դուք մէջտեղ էք, պէտք է մնաք մէջտեղը եւ կողմ չփոխէք», նշեց ան:

Զելենսքի «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին ալ նշեց. «Առանց Միացեալ Նահանգներու կռիւը չափազանց դժուար պիտի ըլլայ»:

Ան օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ Ուքրանիան պիտի շարունակէ ռուսական քարիւղի մշակման գործարաններուն վրայ իր յարձակումները` աւելցնելով. «Զտարաններու դէմ յարձակումներուն արգելքը աւարտեցաւ: Վե՛րջ»:

Զելենսքի քննադատեց Ուաշինկթընի Մոսկուայի հետ գործարքներ կնքելու նախանձախնդրութիւնը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ արտայայտած համակրանքը:

Ան ըսաւ, որ իր ուժերը այլեւս Ռուսիոյ արձակած հեռահար հրթիռներուն վերաբերեալ կանուխ զգուշացումներ չեն ստացած:

Զելենսքի պնդեց, որ ամերիկացի զինուորական պաշտօնատարներ իրենց ուքրանացի պաշտօնակիցներուն ըսած են. «Եթէ (քարիւղի կառոյցներու թիրախաւորումէն) չդադրիք, ձեզի հետախուզական տեղեկութիւններ պիտի չտրամադրենք», սակայն ետքը դէպքը իբրեւ «թեքնիք խանգարում» ներկայացուած է:

Զելենսքի բացառեց, որ «Սթարլինք»-ի համակարգի խնդիրները թեքնիք են, եւ օրաթերթին ըսաւ. «Թեքնիք խնդիր չէր, այլ կամքի խնդիր»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ պատրա՞ստ է Սպիտակ տան հետ յարաբերութիւնը բարելաւելու համար Ռուսիոյ ուժանիւթի ոլորտին վրայ յարձակումները դադրեցնելու, Զելենսքի ըսաւ, որ ատոր պիտի համաձայնի այն ժամանակ միայն, երբ ամերիկեան արտադրութեան յաւելեալ «Փաթրիոթ» հրթիռներ ստանայ, եւ այդ մէկը նկատելով ընդունելի «նուազագոյն բանը»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Ուքրանիոյ մէջ «Սթարլինք»-ի ծառայութիւններու սահմանափակումներուն հետ կապ չունի, սակայն ուքրանացիները տակաւին կը կասկածին:

Նշենք, որ Զելենսքի յայտարարած էր, թէ «Սթարլինք» ընկերութիւնը Ուքրանիոյ մէջ իր ծառայութիւնները կը սահմանափակէ, «ինչ որ կը խոչընդոտէ օդային պաշտպանութեան առաքելութեան մէջ մեր անօդաչու թռչող սարքերուն աշխատանքը»:

«Սփէյս Էքս»-ի ղեկավար Իլոն Մասք «Էքս»-ի վրայ` ակնարկելով անգլիացի հաղորդավար Փիրս Մորկընի հետ հարցազրոյցի մը մէջ Զելենսքիի կատարած յայտարարութիւններուն, գրեց. «Զելենսքին բացատրեց, որ մտադրութիւն չունի պատերազմը աւարտելու, քանի տակաւին Ռուսիան պարտուած չէ: Անոր գլխաւոր վախը պատերազմի աւարտն է եւ նախագահական ընտրութիւններու կայացումը: Եւ այսպէս սպանդը պիտի շարունակուի: Զելենսքիի հեռանալու ժամանակն է»:

Ֆրանսայի 2027 թուականի նախագահական թեկնածու Մարին Լը Փեն յայտարարեց. «Ֆրանսան այլեւս ի վիճակի չէ ֆինանսական օգնութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ: Փարիզը ատոր համար միջոցներ չունի»:

Ան ընդգծած է, որ պիւտճէական տեսանկիւնէն «Ֆրանսան այսօր կը գտնուի ծայրայեղ վտանգաւոր իրավիճակի մէջ»:

 

Նախորդը

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

Յաջորդը

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.