Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել գտնուող` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխնախագահ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ Հանա Ճալուլ Մուրոյի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող Եւրոպական խորհրդարանի տարբեր հարթակներու մէջ ներգրաւուած պատգամաւոր Նաչօ Սանչես Ամորի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւրոպական համարկման գործընթացի, ներքաղաքական զարգացումներու եւ արտաքին մարտահրաւէրներու վերաբերեալ:
Իշխան Սաղաթէլեանը ՀՅԴ-ի տեսակէտները ներկայացուց վերոյիշեալ հարցերուն վերաբերեալ` կարեւոր նկատելով Հայաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան, քաղաքական ազատութիւններու լիարժէք իրագործման երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ իշխանութիւններու հակաօրինական քայլերը զսպելու առումով եւրոպական կառոյցներու դերակատարութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ եւրոպական ընկերվարական տարբեր շրջանակներու միջեւ զարգացող յարաբերութիւններուն եւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերին անոնց հետագայ խորացման վերաբերեալ:
Միտքեր փոխանակուեցան շրջանին մէջ կայուն, արդար եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ նախապայմաններու եւ գործողութիւններու վերաբերեալ:


