«Էլ.Պի.Սի. պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Հիմնուելով փաստաբան Հասան Ատել Պազզիի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի դէմ դատախազութեան Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանին հետ կապ հաստատելուն ու Այսրյորդանանի մէջ անոր որդիին դէմ վրայերթի գործողութիւնը դատապարտելուն մասին տարածուած լուրերուն վերաբերեալ ներկայացուած զեկուցումին վրայ, դատախազ դատաւոր Ահմետ Ռամի Հաժ որոշած է զեկուցումը ուղարկել զինուորական դատարանի կառավարական յանձնակատար դատաւոր Քլոտ Ղանեմին` ծանօթանալու եւ համապատասխան իրաւական քայլերը ձեռնարկելու համար»:
Լաւատեղեակ արդարադատական աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, թէ դեսպան Մուաուատին դէմ ներկայացուած զեկուցումը արդարադատական սովորական քայլ մըն է, եւ, հակառակ տարաձայնուածին, անոր դէմ մեղադրանք կամ հետաքննութիւն չի նշանակեր:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն տեղեակ է Հըզպալլայի համակիր փաստաբանի մը Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Համատէ-Մուաուատի դէմ ներկայացուցած գանգատէն:
«Դժգոհութիւն կը պատճառէ, որ զինուորական դատարանը քննարկէ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանին դէմ բողոքը` իր օրինական կառավարութեան քաղաքականութիւնը գործադրելուն եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած բանակցութիւններուն մասնակցելուն համար:
«Լիբանանեան զինուորական դատական համակարգը պէտք է իր սահմանափակ ներուժը օգտագործէ` հետապնդելու Հըզպալլայի անդամները, որոնք Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին դէմ դաւադրութիւն կը կազմակերպեն, եւ ոչ թէ հետապնդելու անոնք, որոնք անոնց համար կ՛աշխատին», աւելցուց ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց. «Պէտք է ջնջել օրէնքներն ու գործելակերպը, որոնք կարելիութիւն կու տան այս տեսակի քաղաքական դրդապատճառներով թիրախաւորում կատարել, մինչ Հըզպալլայի անդամներուն համակարգուած պաշտպանութիւն կ՛ապահովեն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը «Արապիա»-ին շեշտեց, որ Ուաշինկթըն այլեւս «այսպիսի խոչընդոտներու նկատմամբ համբերութիւն չունի»:


