Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Բոլոր ձեւերով եւ առանց որեւէ վերապահութեան կը զօրակցինք Սէուտական Արաբիոյ»:
Պատասխանելով Սէուտական Արաբիոյ զինուորական աջակցութեան ցուցաբերման մասին հարցումին` ան ըսաւ. «Սէուտական Արաբիան ինչ որ խնդրէ, անշուշտ պիտի ընդառաջենք»:
«Սէուտական Արաբիոյ պահանջելիք որեւէ տեսակի աջակցութեան մեր պատասխանը պիտի ըլլայ դրական», աւելցուց Ապտելաթի:
Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Մեքքայի դաշինքի համաձայնութիւնը ներկայիս մեր կողմէ լուրջ ուսումնասիրութեան կ՛ենթարկուի»:
«Այն, ինչ որ Պապ Մանտեպի եւ Կարմիր ծովուն մէջ տեղի ունեցաւ, Սուեզի ջրանցքին վրայ չափազանց ժխտական ազդեցութիւն ունի», յայտնեց Ապտելաթի:


