Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան հակառակորդները դէմ են անոր, որովհետեւ կը հասկնան խաղաղութեան համար անոր օգուտները: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւ` մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` մազութի գործարք կնքելու մասին խօսքերը:
Նախքան այդ, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց բացառած էր Ռուսիայէն մազութի Գերմանիա եւ Եւրոպա ներածումը:
«Մենք ի գիտութիւն ընդունած ենք Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ մազութի արտածման վերաբերեալ համաձայնագիրը: Նման որոշումը կը բացառուի Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի համար: Ռուսիան լուրջ բանակցութիւններ պիտի վարէ միայն ճնշումի տակ, այդ իսկ պատճառով մենք կը պահպանենք անոր դէմ հաստատուած պատժամիջոցները», նշած է Մերց:


