Լիբանանի հեծելարշաւի հաւաքականը կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները` Արաբական երկիրներու հեծելարշաւի ախոյեանութեան մրցումներուն, զորս կը հիւրընկալէ Սուրիան, 19 տարուան դադարէ մը ետք:
6-րդ օրուան մրցումներուն, Լիբանան ձեռք ձգեց իր 4-րդ պրոնզէ մետալը Ռամոնա Խալիֆէի շնորհիւ, որ 3-րդ դիրքը գրաւեց անհատական աղջկանց ժամացոյցի դէմ մրցումին (25 քմ):
Սոֆիա Սայէղ եւ Զահրա Հիւսէյն (երկուքն ալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն) յաջորդաբար գրաւեցին առաջին եւ երկրորդ դիրքերը:


