Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք «Վանայ Ձայն»-ի 40 տարուան երթը:

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ.-  Կարելի չէ 40 տարուան երթ մը խտացնել հարցազրոյցի մը սահմաններուն մէջ: «Վանայ Ձայն» անցնող 40 տարիներուն ունեցած է աւելի քան 400 անուն յայտագիր, հարիւրէ աւելի խօսնակներ, ձայնի հաղորդավարներ եւ անձնակազմի անդամներ: Բոլորին նուիրումին, անձնազոհ աշխատանքին եւ հետեւողական ճիգին շնորհիւ ռատիոկայանը արժանացած է պատուոյ գիրերու եւ մրցանակներու, որոնցմէ ամէնէն յիշատակելին «Սփիւռքահայութեան լաւագոյն եւ հարազատ ձայնը» ըլլալու մրցանակն է, պատի՛ւը, 2010-ին շնորհուած` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կողմէ:

Յիշեալ պատուոյ գիրերէն եւ մրցանակներէն աւելի, սակայն, կարեւորը վստահութեան եւ հարազատութեան այն կապն է, որ ստեղծուած է ժողովուրդին եւ ռատիոկայանին միջեւ: «Վանայ Ձայն» ուրախ թէ տխուր առիթներու ընկերակիցը եղած է իր ժողովուրդին` մարզական յաջողութիւններու պահերէն մինչեւ Հայաստանի երկրաշարժի աղէտին օրերը, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու յաղթանակներէն մինչեւ Արցախի ի նպաստ ռատիոթոնները, եւ դեռ` «Ձեռք երկարենք»-ի նախաձեռնութիւններէն մինչեւ հայրենակիցներու արեան կարիքի ընդառաջումները, «Վանայ Ձայն»-ը դրած են իր ժողովուրդին հետ ամէնօրեայ, կենդանի եւ անմիջական շփման մէջ:

Ռատիոկայանը սկիզբը գործած է Էֆ.Էմ. 93.,7 ալիքի վրայ: Ապա, հոկտեմբեր 1998-ին, կառավարութենէն պետական Ա. կարգի ռատիոկայանի արտօնագիր ստանալով, իրաւունքը ունեցած է իր սփռումները կատարելու 94,6-էն մինչեւ 95 երկարող ալիքներու վրայ: Առ այդ, Լեռնալիբանանի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ան գործած է 94,7 ալիքով (սփռումի կեդրոն ունենալով Պուրճ Համուտը), իսկ Էշրեֆիէի եւ Պէյրութի շրջաններուն մէջ` 95 ալիքով (սփռումի կեդրոն ունենալով Պէյթ Մերին): Յատուկ փոխանցման կեդրոններ հաստատուած են Թարշիշի եւ Այնճարի մէջ` 94,7 ալիքին սփռումները Պեքա հասցնելու համար:

2006-էն կը գործէ ռատիոկայանին կայքէջը, իսկ վերջին տասը տարին «Վանայ Ձայն» հանդէս կու գայ նաեւ համացանցային հարթակներով` բջիջային հեռաձայնի ծրագիր, SoundCloud, Facebook, Instagram, Youtube, TikTok, Spotify, WhatsApp chanel եւ այլն):

Սկզբնական տարիներէն մեծ արխիւ չկայ, որովհետեւ յայտագիրները ուղղակի կը ներկայացուէին` առանց արձանագրութիւն պահելու: 1991-էն ետք, սակայն, կայ ձայներիզներու եւ սի.տի.ներու մէջ ամփոփուած հազարաւոր յայտագիրներու հսկայական եւ բարեբախտաբար ցանկագրուած արխիւ մը, որ յարմար մեկենասի մը կը սպասէ թուայնացուելու եւ ի սպառ կորուստէ փրկուելու համար:

Շրջան մը «Վանայ Ձայն»-ի մէջ գործած է նաեւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին Պէյրութի գրասենեակը: Այդ գրասենեակին արխիւը եւս կը գտնուի ռատիոկայանին մօտ: Առաւել, ինչ որ անգնահատելի հարստութիւն է, աւելի քան 40 տարուան միութենական ձեռնարկներու, ազգային թաղումներու, հանդիսութիւններու եւ տօնակատարութիւններու ձայնագրութիւններն են, որոնք լաւապէս պահուած են «Վանայ Ձայն»-ի արխիւներուն մէջ: Այս բոլորը կը կազմեն ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ սփիւռքահայութեան բանաւոր յիշողութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը եւ, առ այդ, հսկայական նիւթ եւ ատաղձ կը մատակարարեն վաղուան պատմագիրներուն:

Պէտք է յիշել, որ երկար տարիներ, երբ հաղորդակցութեան միջոցները այսօրուան նման զարգացած չէին, «Վանայ Ձայն» կարեւոր կամուրջ էր Հայաստանի եւ լիբանանահայութեան միջեւ` հայրենի լուրեր փոխանցելով եւ հայրենի հիւրեր` մտաւորականներ, արուեստագէտներ, քաղաքական դէմքեր եւ վերլուծաբաններ հիւրընկալելով: Կամուրջի այդ դերը կը շարունակուի մինչեւ օրս, անկախ` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական վերիվայրումներէն եւ Հայաստան-սփիւռք կապերու ապրած ելեւէջներէն:

«Ա.».- Քանի մը խօսք ալ արաբերէն յայտագիրներուն մասին կրնա՞ք ըսել:

Վ. Ա.- «Վանայ Ձայն» սկզբնական տարիներէն ունեցած է արաբերէն յայտագիրներ: Պետական Ա. կարգի ռատիոկայան դառնալով` ան շրջան մը նաեւ արաբերէն լուրեր հաղորդած է եւ մէկէ աւելի յայտագիրներ ներկայացուցած է: Տեղացիներ եւ արաբական աշխարհի երեւելի դէմքեր յաճախ հայութեան ծանօթացած են եւ Հայ դատի բարեկամներ դարձած են «Վանայ Ձայն»-ի շնորհիւ: Փոխադարձաբար, արաբական յայտագիրները հայութեան համար պատուհան մը եղած են բացուելու լիբանանեան, արաբական թէ միջազգային կեանքի վերջին զարգացումներուն: Ի դէպ, «Վանայ Ձայն» ունի Պաղեստինէն, Ծոցի երկիրներէն, Եւրոպայէն, Ամերիկաներէն եւ Քանատայէն արաբ ունկնդիրներու մեծ թիւ մը, որ ընկերային ցանցերու գրառումներով իր գնահատանքը կը յայտնէ ռատիոկայանին արաբերէն յայտագիրներուն վերաբերեալ:

«Ա.».- Իր 40-ամեակին, ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ «Վանայ Ձայն»-ը այսօր:

Վ. Ա.- Մարտահրաւէրները բազմաթիւ են: Նախ` ընկերային ցանցերու ստեղծումը շատ բան փոխեց հաղորդակցութեան աւանդական ըմբռնումներուն մէջ: Այսօր ամէն մարդ ինքնին հաղորդակցութեան միջոց մըն է, ռատիոկայանի, պատկերասփիւռի կամ թերթի պէտք չունի` առաջին տպաւորութեամբ: Ընկերային ցանցերը կը ներկայացնեն ամէն բան` կարճ, յստակ եւ ստեղծագործ կերպով: Ամէն մարդ ափին մէջ ունի ամէն բան` երգ, գիտելիք, լուր, ժամանց թէ այլ: Մարդիկ աւելի շատ կը դիտեն, քան կը լսեն կամ կը կարդան: Հետեւաբար պէտք է քայլ պահել օրուան պահանջներուն հետ եւ դառնալ մրցունակ` համացանցին եւ ընկերային ցանցերուն հետ: Ընել այնպէս, որ ըլլանք արագ` առանց աշխատանքի որակէն զիջելու: Ըլլանք ժամանակակից` առանց սեփական արժէքները մոռնալու: Ըլլանք արդիական` առանց ազգային-գաղափարական համոզումներու մէջ տկարանալու:

Այս պայմաններուն մէջ բանաւոր մամուլի պատասխանատուները ունին երկու ընտրանք` կա՛մ ռատիոկայանը տանիլ դէպի ընկերային ցանցեր եւ անոնց մեծ մասին նման (բացառութիւնները յարգելով) ունկնդիրները ներգրաւել թեթեւ ժամանցի, մակերեսային լուրերու եւ անմակարդակ երգերու ճամբով եւ կա՛մ ընկերային ցանցերը բերել ռատիոկայան` դաստիարակիչ, նպատակաուղղուած, միտք ու ճաշակ զարգացնող յայտագիրները ներկայացնելով նաեւ ընկերային ցանցերու միջոցով, կարճ ու ազդեցիկ պատգամներով, արդիական եւ նորարար միջոցներով: «Վանայ Ձայն» որդեգրած է երկրորդ ուղղութիւնը:

Մեծ մարտահրաւէր մըն է, անշուշտ, ազգային արժէքներու հանդէպ անտարբերութեան ալիքը, որ կը թակէ նաեւ ռատիոկայանին դռները: Մարդիկ նախկինին նման հետաքրքրուած չեն հայերէնով, հայերէն երգով, յայտագիրով ու լուրով: Սակայն, բարեբախտաբար, կայ տակաւին հաւատարիմ զանգուած մը` Լիբանան թէ արտասահման, որ ռատիոկայանին կը հետեւի իր ինքնութեան եւ արմատներուն հետ կապերը չկտրելու համար:

Իսկ մեծագոյն մարտահրաւէրը, անկասկած, տնտեսական տագնապն է երկու պատճառով: Նախ` կայ երկրին ընդհանուր իրավիճակը: Երկրորդ` ոմանց այն թիւր կարծիքը, որ ռատիոյին դերը աւարտած է, ինչ որ ճիշդ չէ: Ռատիոն ունի իր իւրայատուկ եւ անփոխարինելի դերը: Փորձառութեամբ գիտենք, որ ռատիոն գործեց, երբ պատկերասփիւռը մէջտեղ եկաւ: Ռատիոն շարունակեց գործել, երբ արբանեակային կայանները ստեղծուեցան: Ռատիոն մնաց նաեւ ընկերային ցանցերու ստեղծումէն ետք: Իւրաքանչիւր լրատուամիջոց տեղին համեմատ ունի իր դերը:

«Ա.».- Լա՛ւ, ինչպէ՞ս կը սահմանէք ռատիոյին դերը այսօր, կամ ի՞նչ կրնանք գտնել ռատիոյին մէջ, որ չկայ ընկերային ցանցերուն մէջ:

Վ. Ա.- Նախ` ռատիոն աւելի վստահելի լրատուամիջոց է: Որեւէ տեղեկութեան համար ունի պատասխանատու անձ, խմբագիր, տնօրէն: Որեւէ լուր պատահականօրէն չի ներկայացուիր ռատիոյէն: Կայ հաւաստիութեան եւ արժանահաւատութեան հարց: Ընկերային ցանցերու պարագային չենք գիտեր, թէ ո՞վ եւ ինչպէ՛ս կը պատրաստէ նիւթերը:

Ռատիոն միայն լուր չի ներկայացներ, նաեւ կը մեկնաբանէ, կը վերլուծէ եւ կը քննարկէ: Ռատիոն աւելի այլազան է, միաժամանակ կը ներկայացնէ թէ՛ քաղաքական լուր, թէ՛ մշակութային գիտելիք, թէ՛ երգ-երաժշտութիւն, թէ՛ յայտարարութիւն եւ թէ՛ քիչ մը ամէն բան: Ընկերային ցանցերու մէջ կարելի չէ այս բոլորը մէկտեղ գտնել:

Ռատիոն կը հասնի աւելի լայն շրջանակի մը` ընկերային ցանցերէն բացականերուն, աշխատանքի ժամանակ դիտելու կամ կարդալու կարողութիւն չունեցողներուն, ու մանաւանդ` ինքնաշարժ քշողներուն: Վերջապէս, ռատիոն ձայն է, շունչ է, տրամադրութիւն է, զգացական-մարդկային կապ է խօսնակին եւ ունկնդիրին միջեւ: Ընկերային ցանցերը անպայման այդ բոլորը չեն: Ընկերային ցանցերը մարդիկը կը փնտռեն պաստառներու վրայ, մինչ ռատիոկայանները կ՛ընկերանան մարդոց առօրեային:

Եւ դեռ, ռատիոկայան մը, մանաւա՛նդ «Վանայ Ձայն»-ի նման կայան մը, կը ներկայացնէ ամբողջ գաղութի մը լուրերը, կեանքն ու առօրեան: Ան մարդիկը իրարու կը կապէ, մէկ ամբողջութեան մը մասնիկը կը դարձնէ, մինչ ընկերային ցանցերը կը գործեն հակառակ ուղղութեամբ: Հոս տեղը չէ այս երեւոյթը մանրամասնօրէն ներկայացնելու, բայց կ՛արժէ անգամ մը մտածել այս մասին:

«Ա.».- Եզրափակելու համար, ի՞նչ խօսք ունիք «Վանայ Ձայն»-ի ունկնդիրներուն:

Վ. Ա.- Մեր ունկնդիրներուն կ՛ուզեմ ըսել, որ ձեր հաւատարմութիւնն է, որ «Վանայ Ձայն»-ին ուժ կու տայ իր երթը շարունակելու 40-ամեակէն անդին: Քաջալերական թէ քննադատական ձեր արտայայտութիւններն են, որոնք մեզի կը յիշեցնեն, որ «Վանայ Ձայն»-ը սովորական ռատիոկայան մը չէ, այլ մարդոց միջեւ կենդանի կապ ստեղծող կամուրջ մըն է, մարդը մարդուն քով բերող, մարդուն ձայնը լսելի դարձնող անհրաժեշտութիւն մըն է:

Անցնող 40 տարիներուն քանի՜ քանի՛ անգամներ «Վանայ Ձայն» լսեցիք եւ զգացիք, որ մինակ չէք: Քանի՜ անգամ երգ մը կամ ծանօթ եղանակ մը ձեզ վերադարձուց ձեր մանկութեան եւ երիտասարդութեան գեղեցիկ օրերը: Չորս սերունդ ընկերացաք «Վանայ Ձայն»-ին: Շնորհակալ ենք, որ 40 տարի եղաք մեզի հետ: Մենք չենք տեսներ ձեզ, սակայն կը զգանք ձեր ներկայութիւնը:

Մեր մաղթանքն է, որ ունկնդիր-ռատիոկայան կապը մնայ այն ջերմութեամբ եւ հարազատութեամբ, զոր անցնող 40 տարիներուն եղաւ: Մենք պիտի մնանք միասին, որպէսզի «Վանայ Ձայն»-ը մնայ` «Սփիւռքահայութեան հարազատ եւ լաւագոյն ձայն»-ը, հայ երգի ու մշակոյթի պահապանը, ազգային մեր յիշողութեան վկան եւ անցեալի, ներկայի ու ապագայի ուղեկիցը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

**

(Շար. 1)

Նախորդը

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

Յաջորդը

935 Միլիոն Ամ. Տոլար` 10 Աստղերու Համար

RelatedPosts

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 12, 2026
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի «Դող` Սիրտը Գող» Կատակերգութեան Ներկայացումներու Փորձերը Ընթացքի Մէջ Են
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբի «Դող` Սիրտը Գող» Կատակերգութեան Ներկայացումներու Փորձերը Ընթացքի Մէջ Են

October 6, 2026
«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ  Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան
Հարցազրոյց

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.