«Կարս-Իգտիր-Տիլուճու երկաթուղային գիծին շնորհիւ մենք կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը», յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցի նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք նախարարը նշած է, որ 224 քիլոմեթրնոց երկաթուղիի նախագիծի իրականացման աշխատանքները կը շարունակուին:
Ուրալօղլու նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիան նոր նախագիծեր կ՛իրականացնէ` ուղղուած շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային կապերու զարգացման եւ երկաթուղային ցանցի ամրապնդման:


