Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց տօնը լոկ պատմական իրադարձութեան մը հպարտ վերյուշը կամ օրացուցային արարողութիւն չէ. անիկա տարուան բոլոր օրերուն ապրելու եւ գործադրելու ազգային-հոգեմտաւոր պատգամ է:

Ե. դարուն Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի տեսլականով սկզբնաւորուած Թարգմանչաց շարժումը սոսկ այբուբենի գիւտ կամ թարգմանչական աշխատանք չէր, այլ` հայացման, ինքնութեան կերտման եւ ազգային դիմագիծի պահպանման համազգային սրբազան պայքար: Սուրբ թարգմանիչները, իրենց աննկուն հաւատքով ու զոհողութեամբ, հայ լեզուն դարձուցին այն անառիկ ամրոցը, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը դարերու փոթորիկներուն դիմաց պահեց իր գոյութիւնը:

Այսօր, հայոց գիրերու գիւտէն 16 դար ետք, հայութիւնը ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի մէջ կանգնած է ճակատագրական մարտահրաւէրներու առջեւ: Համաշխարհայնացման ալիքները, թուային ձուլումը, օտար փառքերու հետեւիլը, ինչպէս նաեւ հայեցի կրթութեան ու մշակոյթին հանդէպ նկատուող անտարբերութիւնը սպառնալիք են ազգային արժէքային համակարգին: Ներկայիս, աւելի քան երբեք, դէմ յանդիման կը գտնուինք մայրենի լեզուն, մշակոյթն ու ազգային աւանդները պահպանելու, ինչպէս նաեւ նորօրեայ «թարգմանիչներ»` հայ ուսուցիչներ, գրողներ, մտաւորականներ եւ ազգային արժէքներով ապրող նոր սերունդ պատրաստելու անհրաժեշտութեան առջեւ: Այս առաքելութեան ճանապարհին Թարգմանչաց տօնի ոգին վերապրեցնող ու շարունակող հիմնական կառոյցը հայ դպրոցն է, որուն  անվերապահօրէն նեցուկ կանգնած է Համազգայինը:

Այս տագնապալի պայմաններուն մէջ, իբրեւ միութիւն, չենք կրնար անտարբեր աչքով դիտել առկայ իրականութիւնը: Նորահաս սերունդին զգալի մէկ մասը զանազան պատճառներով, այսօր կը յաճախէ օտար վարժարաններ` ենթակայ դառնալով ձուլման, օտարացման եւ ազգային պատկանելիութեան զգացումի աստիճանական նուազման դաժան սպառնալիքին: Այս իրողութիւնը ընկրկելու պատճառ չէ, այլ հրամայական ազդակ` որդեգրելու նորօրեայ, այժմէական ու նպատակասլաց մօտեցումներ: Համազգայինը բոլորինն է` օտար կամ հայկական վարժարան յաճախող բոլոր հայ փոքրերուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն:  Համազգայինի առաքելութիւնն է արդիականացուած ծրագիրներով, գրաւիչ միջոցներով, ինչպէս նաեւ մշակութային ու գեղարուեստական ջերմ մթնոլորտով զարթնեցնել անոնց մէջ հայեցի ինքնութեան հպարտութիւնը, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ պատանի վերագտնէ ազգային արմատները եւ դառնայ հայ մշակոյթի աշխուժ դերակատար:

Արդ, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի տեսլականով տոգորուած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը անսահման նուիրումով կը շարունակէ իր պատմական առաքելութիւնը: Մշակութային կեդրոնները` «Լեւոն Շանթ»-ն ու «Աղբալեան»-ի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան», իրենց գեղարուեստի դպրոցներով ու մասնագիտացած մասնաճիւղերով հայ պատանիին ու երիտասարդին առջեւ լայն կը բանան հայեցի դաստիարակութեան դռները:

Նկատի ունենալով հայրենիքի շուրջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական ծանր պայմաններն ու սփիւռքեան գաղութներու վերակազմակերպման հրամայականը` հարկ է Թարգմանչաց տօնը դարձնել հայեցի դաստիարակութեան նորօրեայ շարժում, որպէսզի մեր ազգային արժէքներն ու մայրենին հասանելի դառնան նորօրեայ սերունդին:

Տէ՛ր կանգնինք մեր մայրենիին, հաւատարի՛մ մնանք մեր լեզուին ու մշակոյթին, որպէսզի միասնաբար երաշխաւորենք հայ ազգի անսասան յաւերժութիւնը:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Յաջորդը

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
Մեսրոպեան Շունչը  Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել
Անդրադարձ

Մեսրոպեան Շունչը Տէր Զօրի Աւազներէն Պազել

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.