ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հայ սփիւռքը պէտք է տկարանայ, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանը:
Արման Եղոյեան
(Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ)
Առաջին հայեացքով ազնիւ ընթերցողը կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ առնչութիւն ունին կրթական վերամուտնն ու Թարգմանչացը վերեւի նախադասութեան հետ, որ խորքին մէջ, դատապարտելի ըլլալով հանդերձ, կ՛արտացոլացնէ տուեալ անձին ունեցած ազգային թէ քաղաքակրթական մտքի կարճատեսութիւնը, ծանծաղամտութիւնը, հոգիին խեղճութիւնն ու, ցաւ ի սիրտ` դալուկ կազմաւորումը:
Աւելի՛ն. կրնայ արդարօրէն ընդգծուիլ, որ նման խօսքի արձագանգելով` ձեւով մը արժեւորած կ՛ըլլանք մտքի բոպիկութիւն մը, որ արտաբերող անձին իսկութիւնը կը բացայայտէ` ըստ ամենայնի:
Այդուհանդերձ, երբ ազգի մակարդակի վիրաւորանք կը զգենու որեւէ խօսք կամ մտածում, այդ ալ` խորհրդարանի ամպիոնէն արձակուած, ինչպիսի պատճառ ալ ունեցած ըլլայ անիկա, հայ գրիչը պարտաւոր է հակազդել, պարզապէս որովհետեւ ազգային պարունակին նկատմամբ որեւէ ամբաստանութիւն, անպատիւ խօսք, սուտ վերագրում այլապէս հաճոյալից պահեր պիտի պատճառեն հակառակորդի, թշնամի ուժերու թէ հայ ժողովուրդի հանդէպ ատելութեամբ յագեցած մարդոց:
Արդ,
Ժողովրդավարութեան ամենաէական յատկութիւնը ազատ խօսքի ընկալումն է, նոյնիսկ`քննադատութիւնը, սակայն` առանց շահագործումի եւ ինքնախաբէութեան:
Այո՛, ազատ մտքեր արտայայտել հայ սփիւռքին մասին` իրաւունք է:
Քննական մտքով անդրադառնալ սփիւռքահայ իրականութեան հետ կապ ունեցող որեւէ հարցի մասին` բոլորին ակնկալութիւնը պէտք է ըլլայ:
Քննադատել այս կամ այն աշխատանքը, ծրագիրը կամ ըմբռնումները` այս ալ արդարացի երեւոյթ է:
Սակայն անտեսել, ուրանալ եւ անարգական խօսքերով վիրաւորել ամբողջ հաւաքականութիւն մը, որ պարտադրաբար դարձեր է սփիւռք եւ ուշ կամ կանուխ ենթակայ է ստոյգ այլասերումի ու ինքնութեան կորուստի, սա արդէն ապերախտ եւ թշնամական մօտեցում է, ատելավառ զգացումներու յագուրդ տալ է:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ չէ պատահած այն, որ սեփական պետութեան այս կամ այն ներկայացուցիչը, վերանկախացած հայրենիքի երկնակամարին տակ, գիտակցելով ազգային պատմութեան, փոխան` երախտագիտական զգացումներու, քաջալեր ու յարգալից խօսքերու, արհամարհէ սեփական ժողովուրդի մնացորդացը ու ցանկայ, այս պարագային, սփիւռքի տկարացումը:
Ըստ երեւոյթին, խնդրոյ առարկայ խորհրդարանականը կը տառապի եռադէմ «անհատականութենէ» եւ որով կը փորձէ իր մտքի հանճարը փոխանցել շուրջ բոլոր` յայտնելով իր քաղաքական «հասունութիւն»-ը:
Մեր զարմանքին ու տխրութեան միտք բանին:
Երբ խօսքը կը վերաբերի հայ սփիւռքին, որ աւելի քան հարիւր տարուան գոյութենական պայքարի կենսափորձ ունի, արդեօք պատշա՞ճ է հայ անհատի մը, անիկա ըլլայ պետական գործիչի թէ համեստ հայորդի, այսպիսի թեթեւամտութեամբ վերաբերիլ ու հաւաքական արժանապատուութիւն խոցող խօսքեր արտասանել:
Տարրական իմացութիւնն անգամ կը յուշէ, որ ցեղասպանութիւն ապրած հայ ժողովուրդի մեծագոյն իրագործումը եղաւ ինքնագիտակցութեան պահպանումը, այդ ալ` ամենադժուարին պայմաններուն մէջ իսկ, երբ թուրքի եաթաղանէն ճողոպրած հայ մնացորդացը լծուեցաւ ազգային ու մարդկային տեսակի ապահովման մաքառումին:
Հաւաքական վերականգնումի մաքառում, որուն յաջողութեան, յաղթանակին մեծապէս նպաստեց հայ վարժարանը, որ իրերայաջորդ սերունդներու փոխանցեց հայեցի դաստիարակութիւն, ուսում եւ ազգային արժէքներու գիտակցութիւն:
Միթէ գաղտնի՞ք է, որ սփիւռքահայութիւնը եթէ երբեք կրցաւ տոկալ, դիմանալ ու հայաբոյր ջերմութեամբ կեանք մը վարել, ապա այդ` շնորհիւ հայ վարժարանին, որուն երդիքին տակ սերունդներ հայացան եւ հայրենիքի կարօտով ապրեցան:
Միւս կողմէ` ինչպէ՞ս կարելի է մոռացութեան տալ դարերու խորերէն մեզի ժառանգ մնացած մայրենի լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին գեղեցկութիւնը:
Միթէ Թարգմանչաց սերունդի գործած հերոսութիւնը, ազգակերտի սքանչելի աշխատանքը, հայու տեսակի պաշտպանութեան եւ հզօրացման ամենանուիրական աքթը չեղա՞ւ, երբ հայոց արքունի թէ հոգեւորական դասի աջակցութիւնը առաւել ուժ եւ կորով ներշնչեց ազգային գիտակցութեամբ բոցավառ Ոսկեդարի սերունդին, որ յաջողեցաւ տուեալ ժամանակի գերզարգացած զէնքը` հայոց այբուբենը հնարել, ու անով փրկել ազգը ստոյգ այլասերումէ, օտարացումէ եւ ինքնաբնաջնջումէ:
Այսօր,
Ճիշդ է, որ անփոխարինելի հայ վարժարանը կը դիմագրաւէ բազում եւ մեծ դժուարութիւն, կ՛ապրի ահազանգային պահեր, իսկ ամենաողբերգականը` տակաւ կը նուազի հայ վարժարան յաճախող հայ աշակերտութեան թիւը` գաղութի նօսրացումի թէ օտար վարժարանի դռները թակողներու պատճառով:
Փաստօրէն հայ վարժարանը, որ դար մը ամբողջ կրցաւ իր առաքելութեան տէր կանգնիլ` շնորհիւ նուիրեալ դասատուներու, դաստիարակներու, ծնողներու եւ հովանաւոր միութիւններու թէ խնամակալներու, վերջին տասնամեակներուն, հակառակ բարեկարգումի զանազան տեսակի աշխատանքներու (կառոյց, մեթոտ, նորովի կրթական ընկալումներ, մանկավարժական ուսմունք եւ այլն), կարծես սկսած է կորսնցնել իր հմայքը, թելադրականութիւնն ու այժմէականութիւնը:
Կրթօճախներու մրցակցութեան մասին չէ խօսքը, որքան` հայ վարժարանին վերապահուած հայ ոգիի փոխանցումին, կրթական բարձրագոյն եւ արդի ուսում ջամբելու առընթեր:
Ըսել ուզուածը այն է, որ հայ վարժարանի առաքելութեան նպաստելու եւ անոր նոր շունչ սնուցանելու համար մեծագոյն բացական ազգային-կրթական ծրագիրն է, որ օժտուած պէտք է ըլլար, պէտք է ըլլայ, ռազմավարական մտածողութեամբ եւ ուժեղ տեսլականի ուղեկցութեամբ:
Այնքան չարչրկուած բառեր են` կրթական ծրագիր ու ռազմավարութիւն, որ մեր ականջներուն լսելի են երկա՜ր ժամանակէ ի վեր:
Բարեփոխում, բարեկարգում, զարգացում եւ կառուցում` ահա՛ մարտահրաւէրը յառաջիկայ տարիներուն, որպէսզի ընդարմացած հայ կեանքին ներշնչենք յուսալից եւ ապահով տարիներ` փոխան քարոզաբոյր խօսքերու եւ վարդագոյն ակնոցներու:
21-րդ դարու նիւթականացած կեանքի ու արհեստագիտական նուաճումներու շռայլութեան ի տես` հայ վարժարանի, ուսուցչակազմի թէ վարչական կազմի նկատմամբ ցուցաբերուած ամէն անհաճոյ վերաբերում թէ իրաւունքի զլացում արդէն կրթական կառոյցներու առաքելութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ` պատճառելով
գաղութահայ կեանքի թէ ազգային միջավայրի անհանգստութիւն, տեղատուութիւն:
Յատկապէս լիբանանահայութեան պարագային, գաղութի վերջին յիսնամեայ պատմութիւնը կը յուշէ, թէ նահանջի երեւոյթը ինչպիսի՛ աւերներ գործած է, երբ նկատի առնենք պարզ վիճակագրութիւն մը`հայ դպրոցներու, աշակերտութեան թէ ուսուցչակազմի թիւին առնչուող:
Գաղութահայ կեանքը, ազգային, կրթական, եկեղեցական, կուսակցական, միութենական եւ այլազան կառոյցներ կանգուն պահելու բոլոր աշխատանքները եղած են մէկ նպատակի համար` ըստ կարելւոյն պաշտպանել սփիւռքահայութեան դիմագիծն ու իրաւունքները` յանուն վերանկախացած հայրենիքի հզօրացման:
Գաղտնի՞ք մը յայտնած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք հաստատագրենք իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ առանց հայ վարժարանի գոյութեան` ա՛լ ինչ խօսք գաղութահայ կեանքի վերաշխուժացման, վերականգնման եւ հզօրացման:
Այո՛, սփիւռքահայութիւնը ա՛լ ձանձրացած է յորդորներ լսելէ, խոհանոցային խրատներ ունկնդրելէ եւ, այսպէս ըսած, հայապահպանումի սեմինարներու իր մասնակցութիւնը բերելէ:
Թարգմանչաց սերունդը հայութեան վերադարձուց ինքնավստահութիւնն ու պայծառ ապագայ կերտելու ջահը բոցավառեց: Աւելի՛ն. ազգային պարունակը ջրդեղեց քաղաքակրթական ամենավառ իրագործումներով:
Այսօր ազգային գոյամարտ մը կայ, որ շնորհիւ հայ վարժարանին` տակաւին կը շարունակէ իր երթը, թէկուզ` տեղատուութեամբ եւ մեծ բացթողումներով:
Սփիւռքահայութիւնը գիտակից է այս կացութեան: Կը փորձէ սրբագրել:
Մեր մաղթանքն է, որ հայրենի պետութիւնը իր վարքագիծը փոխէ եւ տէր կանգնի իր ժողովուրդի մնացորդացին, եթէ երբեք կ՛ուզէ հզօր Հայաստան կառուցել:


