ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ցեղասպանութեան վաթսունամեակ, Հալէպ:
Միջճեմարանական շարադրութեան մրցանք, նիւթ` Տէր Զօրի աւազներուն վրայ այբուբեն սորվեցնող հայ մայրը:
Վաղ երիտասարդութեանս օրերն էին, երեւակայութեանս մէջ լողալով` հասայ Տէր Զօրի անապատը, տեսայ կարմիր ջարդի եւ թուրքի եաթաղանին ընդառաջ հայ մօր տիպարը, որ նահատակութեան երթին, ջուրէն եւ հացէն աւելի կարեւորելով իր մանկան մեսրոպեան այբուբենը սորվեցնելու ահազանգը, ստանձնած էր ուսուցիչի դերը:
Այս պատկերի քանդակը ՀՕՄ-ի կողմէ զետեղուած է Տէր Զօրի Նահատակաց յուշհամալիրին մէջ:
Այդ հայ մօր տիպարը սուրբի պսակին արժանացած է: Անոր օրինակները կ՛ապրին հայ գաղութներու մէջ, կարմիր ջարդէն իրենց զաւակները փրկողի դիրքէն, այս անգամ կեցած` սպիտակ ջարդի դէմ յանդիման:
Արդէն տասներեք տարիներէ ի վեր կ՛ապրիմ Ժընեւ, ի տղայ տիոց հասարակական կեանքի ծառայութիւնը նախասիրութիւն համարելով, զուիցերահայ գաղութի ընձեռնած պայմաններու սահմաններուն մէջ իմ լումաս կը ներդրեմ եկեղեցական կեանքէն ներս, երբեմն ալ` չափահասներու մայրենիի ուսուցման գործին:
Երկրի հիւսիսարեւմտեան ծայրամասին մէջ` Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ սահմաններու միացեալ կէտին վրայ մեծագոյն քաղաքներէն է Պազելը:
Համակ եռանդ, զուիցերահայ թեմի առաջնորդ Պարթեւ եպս. Բարսեղեանը, լսելով հոն ապրող ընտանիքներու մասին, միշտ գործնական եւ աշխատասէր նկարագիրով, փափաքեցաւ, որ ընկերակցիմ անոնց այցելութեան, շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին: Շուրջ չորս ժամուան ճամբայ կտրելով` հասանք Պազել:
Մեր ժամադրավայրը քաղաքի կեդրոնէն հեռու գեղակերտ դպրոց մըն էր, ուր նահանգային կառավարութիւնը երկու դասարան տրամադրած էր այնտեղ ապրող հայ ընտանիքներուն, անոնք «ԱՆԻ» մշակութային միութիւնը հիմնելով` ստացած էին այս մենաշնորհը:
Հայրենիքէն արտագաղթած երիտասարդ ծնողները, ընդհանրապէս` երաժշտական մարզի արհեստավարժներ, կ՛ապրէին եւ կը գործէին, այդ արուեստի օրրանին Պազել քաղաքին մէջ:
Եւրոպական չափանիշներով, արդիական ու գեղակերտ դպրոցին դասարանը երբ մտայ, տակաւին աշակերտները չէին հասած, ուսուցչուհին ներս բերած էր դասգիրքերը եւ աշխատանքային տետրակները, որոնք ցնցեցին էութիւնս, Ս. Մեսրոպի նկարը արդէն ամբողջ հայրենիքի մը խորհրդանիշն էր, այդ դասագիրքերը հայրենի հողն էին, հոն էր Արշակ Բ. թագաւորը, յանձինս աշակերտներու ծնողաց, որոնք կ՛ընկերակցէին իրենց հոգեհատորներուն: Մայրեր ու հայրեր իրենց սիրասուն զաւակներով` թիւով տասնեօթ աշակերտ:
Իբրեւ նոր առաջնորդ` սրբազանը տեղեկացած էր, թէ երկար ժամանակէ ի վեր շրջանին մէջ ս. պատարագ չէր մատուցուած: Առաջին հարցումը եղաւ երեխաներուն, թէ որո՞նք մկրտուած են: Ի յայտ եկաւ, որ միայն մէկ աշակերտի ճակտին ս. միւռոն հասած է: Բնականաբար ծնողները ունէին իրենց պատճառները. մին կը փափաքէր իր ծննդավայրի` Գիւմրիի Եօթը վէրք եկեղեցւոյ մէջ կատարել իր երեք մանչերուն մկրտութիւնը, ուրիշ մը` հարազատներու հետ ժամադրուիլ Երեւանի մէջ: Յստակ էր սակայն, որ այս երեւոյթէն անդին` անոնց համար սպիտակ ջարդի դէմ պայքարը նոյնքան եւ աւելի ահազանգային էր:
Մեր զաւակներու բառարանին մէջ «զրկանք» բառը չկայ արտայայտուեցաւ ծնող մը, սակայն մայրենին ճանչնալէ զրկուիլը աղէտ է, ըսաւ ան:
Մտային թռիչքով մը ետդարձ ունեցայ դէպի Տէր Զօրի աւազները, ուսուցիչ հայ մօր տիպարը տեսնելով Պազելի փոքրաթիւ գաղութի ծնողաց մօտ:
Պարթեւ սրբազան այդ օր ստանձնեց ուսուցչի դերը` աշակերտներուն Տէրունական աղօթք եւ խաչակնքել դասաւանդելով ու Ս. Էջմիածինէն բերած խաչեր նուիրեց անոնց:
Բոլոր ժամանակներու մեծագոյն հայուն` Ս. Մեսրոպի ոգին կը սաւառնէր հեռաւոր Պազելի դասարանէն ներս:
Հայրենիքի սովորութիւնները իրենց հետ Զուիցերիա բերած պազելահայերը ճոխ սեղան մը սարքելով հայկական լաւաշով եւ խորովածով հիւրասիրեցին մեզ Հայաստանի աշնանային բնութիւնը յիշեցնող հանրային պարտէզի մը մէջ:
Հայապահպանման առաքեալները մենք տեսանք Պազելի փոքրաթիւ գաղութին մէջ:
Ժընեւ


