Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանէն լիբանանցիներուն ուղղեց ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ներկայ տնտեսական իրավիճակին եւ գիներու բարձրացման ու ապրուստի բեռի յաւելեալ լոյսին տակ քաղաքացիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Սալամ իր խօսքին սկիզբը մատնանշեց քաղաքացիներուն կրած բեռը, մասնաւորաբար անդրադարձաւ անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին ելեկտրածին շարժակներու սակագինի բարձրացման եւ վառելանիւթի գիներու բարձրացման ճնշումներուն, որոնք ընտանիքները կը մղեն վառելանիւթի ապահովման ու տնային այլ կարիքներու բաւարարման միջեւ ընտրանք կատարելու:
Ան ըսաւ, որ գիներուն վրայ ազդող կարգ մը գործօնները, ինչպէս` քարիւղի համաշխարհային գիներու աճը, կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս են, սակայն այդ մէկը կառավարութիւնը չ՛ազատեր քաղաքացիներու նկատմամբ իր ունեցած պատասխանատուութենէն եւ պարտականութիւններէն:
Վարչապետը նշեց, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը, տարիներով անկում կրելէ ետք, անցեալ տարի 4,2 առ հարիւր աճ արձանագրեց, ինչ որ վերականգնման առիթ եւ ատոր վրայ զարգացնելու կարելիութիւն ստեղծեց, սակայն Լիբանանին պարտադրուած պատերազմը կանգնեցուց այդ հոլովոյթը եւ տնտեսութիւնը դէպի ետ տարաւ: Ան յայտնեց, որ այս տարուան համար նախատեսուած տնտեսական անկումի համեմատութիւնը 6,4 առ հարիւրի կը հասնի:
Ան ընդգծեց ելեկտրածին շարժակներու որոշ սեփականատէրերու, վաճառականներու եւ ներածողներու կողմէ քաղաքացիներու հաշուոյն` ըլլայ այդ անհիմն գիներու բարձրացման, թէ լրացուցիչ վճարումներու սահմանման միջոցով ապօրինի շահ ապահովելու նպատակով չարաշահումէն խուսափելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան հաստատեց, որ ներածման կամ փոխադրման ծախսերու որեւէ նուազում պէտք է արտացոլայ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու գիներուն վրայ` մերժելով ծախսերու կրճատումէն ետք գիներու բարձր մակարդակի պահպանումը:
Անդրադառնալով 2027 թուականի պետական ամավարկի ծրագիրին` Սալամ յայտնեց, որ շուրջ 7 միլիառ տոլարի յաւելումը կը բարելաւէ պետութեան իր ծրագիրներն ու ծառայութիւնները ֆինանսաւորելու կարողութիւնը, սակայն քաղաքացիներու արդար բոլոր կարիքներուն բաւարարման համար յաւելեալ գումար չ՛ապահովեր:
Ան ըսաւ, որ պետական պաշտօնեաները, զինուորականներն ու ուսուցիչները իրաւունք ունին արժանապատիւ կեանք ապրելու եւ ստանալու իրենց հիմնական կարիքները բաւարարող աշխատավարձ:
Սալամ յայտարարեց, թէ ամավարկին մէջ առողջապահութեան նախարարութեան յատկացումները ներկային հետ համեմատած շուրջ 16 առ հարիւրով աւելի են:
Վարչապետը շեշտեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է պաշտպանելու արժոյթի կայունութիւնն ու քաղաքացիներու գնողունակութիւնը` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը պիտի չծախսէ գումար մը, որ չունի, եւ պիտի աշխատի բարելաւել եկամուտներու օգտագործումը եւ զանոնք ուղղել քաղաքացիները հետաքրքրող առաջնահերթութիւններուն:
Ինչ կը վերաբերի տուրքերուն, Սալամ վստահեցուց, որ 2027 տարուան ամավարկը, հակառակ շրջանառուող տարաձայնութիւններուն, որեւէ նոր տուրք պիտի չպարունակէ` բացատրելով, որ փոփոխութիւնները կը սահմանափակուին որոշ վճարումներով, որոնք տակաւին կը հաշուարկուին հին փոխարժէքներու համաձայն:
Ան նաեւ ըսաւ, որ յաւելեալ արժէքի նոր տուրք պիտի չըլլայ, այլ պարզապէս անիկա պիտի գանձուի զայն չվճարող ընկերութիւններէն:


