Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ իրանցիները պատրաստ են տեղի ունեցողը դադրեցնելու համար Միացեալ Նահանգներուն որեւէ բան տալու:
Ան նշեց, որ Իրանի համաձայնութիւն գոյացնելը իր իրապէս փափաքած ընտրանքը չէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուց, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ ներկայիս Իրանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու վրայ կ՛աշխատի եւ չափազանց լաւ յառաջընթաց կ՛արձանագրէ:
Նախքան այդ, Թրամփ նշած էր. «Իրանի հետ հակամարտութիւնը մօտ օրէն որեւէ ձեւով պիտի աւարտի»` աւելցնելով. «Իրանը դժուար կացութեան մէջ է եւ ան բացարձակապէս հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի նշեց. «Բանակցային հոլովոյթը տակաւին կը շարունակուի, եւ միջնորդներու ճամբով նամակներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ»:
«Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ եօթը օրերու ծրագիրը առաջարկեցինք եւ այդ առնչութեամբ ամերիկեան կողմին պատասխանը լսեցինք», նշեց ան` աւելցնելով. «Ներկայիս ամերիկեան տեսակէտը կը սերտենք, եւ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին մեր պատասխանը պիտի ներկայացնենք»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի` պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի այն յայտարարութեան, թէ Իրան քանի մը անգամ կորսնցուցած է համաձայնութիւն գոյացնելու առիթը, նշեց. «Պատմական իրողութիւններու աղաւաղումը չի կրնար հասարակական կարծիքի միտքէն ջնջել Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ խոստմնադրժութիւնը»:
Պաղայի շրջանին մէջ անվտանգութեան բացակայութիւնն ու Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի վրայ անոր տնտեսական հետեւանքներուն համար պատասխանատու նկատեց Միացեալ Նահանգները` աւելցնելով. «Ուրիշները մեղադրելով եւ տատանելով չեն կրնար թաքցնել ամերիկեան եւ համաշխարհային հասարակական կարծիքի պահանջները` պատասխանատուութեան ենթարկելու անօրինական պատերազմի եւ կատարուած յանցագործութիւններու պատասխանատուները»:
Անդրադառնալով Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու վերջին զարգացումներուն` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշեց. «Բոլոր ճակատներուն վրայ պարտադրուած պատերազմին վերջ տալու, Պարսից ծոցի շրջանին ու Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան վերականգնման համար Իրանի նկատումներն ու պայմանները յստակ եւ վճռական կերպով ներկայացուեցաւ, եւ հակառակորդ կողմին առաջարկներուն վերաբերեալ անհրաժեշտ պատասխանը պիտի տրուի միջնորդներու ճամբով»:
«Իրանի եւ Ամերիկայի միջեւ միջնորդներու ճամբով նամակներու փոխանակում տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան:
«Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկութեան անվտանգութիւնը, որ դժբախտաբար Ամերիկայի վարմունքին պատճառով վնասուեցաւ, որեւէ այլ կողմէ աւելի Իրանի համար կարեւոր է: Ուստի, Իրան ջանք չխնայեց Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան վերականգնման համար խորհրդակցելու Օմանի հետ` նկատի ունենալով, որ վերջինս ջրային այս միջանցքին վրայ գտնուող ծովեզերեայ միւս երկիրն է», յայտնեց Պաղայի:
«Իրանի եւ Օմանի միջեւ խորհրդակցութեան հոլովոյթը լաւ ձեւով ընթացաւ, եւ երկու կողմերը Հորմուզի նեղուցէն դուրս գալու եւ դէպի նեղուց անվտանգ միջանցքներու աշխարհագրական տուեալներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին, ինչպէս նաեւ փոխըմբռնում յառաջացուցին առնչակից միջազգային հեղինակութեան մակարդակի վրայ այս հարցը ներկայացնելու ձեւին շուրջ, ինչ որ Աստուծոյ կամքով շուտով տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Պատասխանելով Իրանի` Օմանի եւ Արաբական ծոցի մնացեալ երկիրներուն հետ ժողովի գումարման կարելիութեան շուրջ հարցումի մը, Պաղայի յայտնեց. «Իրանը պիտի շարունակէ շրջանի պետութիւններուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ու հաղորդակցութեան իր ջանքերը»:
«Հայրենիքի պահապանները վճռակամ ու հաստատ են դիւանագիտութեան ու պատերազմի դաշտերուն վրայ, կողք-կողքի պաշտպանելու իրանցի ժողովուրդը եւ երաշխաւորելու մեր ազգային պետութեան շահերն ու անվտանգութիւնը», ըսաւ ան:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Թրամփ ազգային անվտանգութեան խումբին հետ քննարկած է յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Իրանի դէմ գործողութիւնները շարունակելու հաւանականութիւնը եւ միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ անոր դէմ հարուածներ շղթայազերծելու ընտրանքը:
Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, խումբը Իրանի եւ հուսիներու նկատմամբ Ուաշինկթընի ռազմավարութիւնը քննարկած են:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան վարչակազմը կը ջանայ Իրանի հետ հասնիլ համաձայնութեան մը, որ կը կարգաւորէ խորքային հարցերը, ներառեալ հիւլէական ծրագիրը, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը այս ամիս Նիւ Եորքի մէջ անուղղակի բանակցութիւններու ճամբով քննարկած են:
Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներ «Էն.Պի.Սի.»-ին նշած են, որ Սպիտակ տունը Փենթակոնէն պահանջած է ամերիկեան միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ իրանեան թիրախներու հարուածման ընտրանքներ մշակել:
Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին, ներքին քննարկումները տակաւին կը շարունակուին նպատակային հարուածներու ծաւալի եւ այն հարցի շուրջ, թէ արդեօք վարչակազմը իրողապէս այդ քայլին պիտի դիմէ՞:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ Փենթակոնը ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ցուցմունք տուած է Իրանի մէջ գործողութիւններու վերականգնման պատրաստութիւնները աւարտելու` աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնները կրնան ներառել ուժանիւթի, ենթակառուցային եւ հիւլէական կառոյցներու թիրախաւորում:


