Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց «Գարակէօզեան» հիմնադրամի ղեկավար կազմը` գլխաւոր գրասենեակի գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեանը, Լիբանանի գծով տնօրէն Սերոբ Օհանեանը եւ համայնքային զարգացման բաժինի համակարգող Ժանին Դանիէլեան-Մարգարեանը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ հիմնադրամի գործունէութիւնն ու համագործակցութեան հաւանական ուղղութիւնները:
Դեսպանը բարձր գնահատեց համայնքներու ծառայելու հարցին մէջ հիմնադրամին ցուցաբերած նուիրումը եւ վերահաստատեց դեսպանատան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու տեղական կարիքներու արձագանգող կապերու հաստատման եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման:


