Նորահաս սերունդին հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, հոգեւոր աշխարհը, ստեղծագործ ոգին եւ ազատասիրութիւնը ծանօթացնելու եւ ազգային ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինը 26 յունիս 2026-ին յատուկ հանդիսութեամբ ներկայացուց Նարինէ Մարգարեանի գծագրած «Գունաւորե՛նք մեր ազգային խորհրդանիշները» գունաւորման տետրակը, որ կազմուած է 30 պատկերներէ, որոնք կը ներկայացնեն` մեր ազգային խորհրդանիշները, մշակութային հարստութիւնը, հերոսները, հայրենի բնութիւնը եւ արժէքները: Իւրաքանչիւր պատկերի կողքին արձանագրուած է բացատրողական գրութիւն մը, որպէսզի ծրագիրը ունենայ առաւել դաստիարակչական բնոյթ:
Գունաւորման տետրակին մէջ գրուած է. «Թող ամէն մէկ գոյն, որ կը տեղադրէք այս գծագրութիւններուն մէջ, սէր ներշնչէ դէպի հայրենիք ու դէպի արմատներ: Թո՛ղ այս տետրակը ձեզ առաջնորդէ` դէպի ստեղծագործութիւն, երեւակայութիւն եւ ազգային հպարտութիւն»:
2026-2027 կրթական տարեշրջանի վերամուտին առիթով ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՎՄ-ը որոշած է նշեալ գունաւորման տետրակները անվճար բաժնել լիբանանահայ բոլոր վարժարաններու 2-րդէն 5-րդ դասարաններու աշակերտներուն: Առ այդ, ա՛յն տնօրէնութիւնները, որոնք կը փափաքին ստանալ տետրակներէն` կրնան կապուիլ մարմինին հետ, որպէսզի հարկ եղած համակարգումը կատարուի:
Իսկ ա՛յն ծնողները, որոնց զաւակները հայկական վարժարան չեն յաճախեր, կրնան ներկայանալ Համազգայինի գրախանութ եւ անվճար ստանալ գունաւորման տետրակէն օրինակ մը:
Վստահ ենք, որ այս հրատարակութիւնը մեծապէս պիտի նպաստէ ազգային խորհրդանիշներու պահպանման աշխատանքներուն եւ արդար պատասխան պիտի ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն քանդել ազգայինը, ժառանգութիւնն ու Դատը:
ՀՅԴ ԼՊՄ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ


