Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրան պէտք է Միացեալ Նահանգներու պահանջները կատարելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ աւելի քան եօթը ամիսէ ի վեր շարունակուող պատերազմին վերջ տալու համար իւրանիոմի հարստացման իր կարողութիւնը «խորքային» կերպով նուազեցնէ:
Վանս ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին դրական տրամադրուած են Իրանի հետ համաձայնութեան գոյացման, սակայն պայման կը դնեն, որ իրանեան հիւլէական շօշափելի զիջումներ կատարուին: «Գործերը խօսքերով պիտի չփոխարինենք», նշեց ան:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նշեց, որ Թեհրանի մէջ որոշում տուող կողմի յստակ չըլլալը բանակցութիւնները աւելի բարդ կը դարձնեն:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ, սակայն իրանեան իշխանութեան կառոյցին մէջ անոնց ունեցած իշխանութեան տարողութիւնը տակաւին յստակ չէ:
«Մեր նշմարած հարցերէն մէկը այն է, որ շատ յստակ չէ, թէ անոնց երկիրը ինչպէ՛ս որոշումներ կը կայացնէ», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:
Վանս ըսաւ, որ անձնապէս բանակցութիւններ վարած է մարտական ղեկավարներու հետ` պատերազմի դաշտի վրայ կացութիւնը գնահատելու համար, եւ մերժեց այն մտավախութիւնները, թէ զինամթերքի սուր պակաս գոյութիւն ունի:
Ան յայտնեց, որ իրանեան ուժերը կը կարենան մերթ ընդ մերթ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւեր հարուածել, սակայն մեծ մասամբ անկարող են այդ ջրային միջանցքին ճամբով ուժանիւթ արտածելու:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը մերժեց հաստատել, որ համաձայնութեան գոյացման բանակցութիւնները կը ղեկավարէր, հակառակ զինք Սպիտակ տան աւագ բանագնաց նկատող իրերայաջորդ նշումներուն: «Մենք հաստատօրէն կը մասնակցինք: Ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներու նախագահն է, որ հարցերու ուղղուածութիւնը կը ղեկավարէ», ըսաւ ան:
Վանս նաեւ նշեց, որ տակաւին 2028 թուականի նախագահական ընտրութեան թեկնածու ներկայանալու վերաբերեալ վերջնական որոշում մը չէ տուած` աւելցնելով. «Ես բնաւորութեամբս անձ մըն եմ, որ չեմ աճապարեր: Իրականութեան մէջ այդ հարցին մասին շատ չեմ մտածած»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար ընդունիլ, որ մէկ պետութիւն վերահսկէ կարեւոր ջրային ուղիի մը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է ուժանիւթի մատակարարման բազմազան ուղիներ ու աղբիւրներ ունենալ:
Ան աւելցուց, որ Իրան երբեք հիւլէական ծրագիր պիտի չունենայ, եւ կը փորձէ ամերիկեան ուժերը շրջանէն հեռացնել, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը պիտի չընդունի:
Ռուպիօ պնդեց, որ Հորմուզի նեղուցը բաց է, եւ այդ ճամբով դուրս եկող քարիւղի քանակը ամբողջովին կը համապատասխանէ անոր փակումէն առաջուան քանակին:


