Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 8, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ լաւատեղեակ դիւանագիտական աղբիւրներ «Իրմ Նիուզ»-ին կը յայտնեն, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կ՛ուսումնասիրէ յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին շղթայազերծումը զինուորական լայնածաւալ գործողութեան մը` զայն իր ժողովրդականութիւնը վերականգնելու համար իբրեւ ընտրական խաղաքարտ օգտագործելու եւ 7 հոկտեմբեր 2023-ի դէպքերուն մէջ ապահովական բացթողումը ծածկելու համար:

Աղբիւրները կը նշեն, որ քուէարկողներու, մասնաւորաբար հիւսիսի բնակեցման վայրերու եւ գիւղերու բնակիչներուն ձայները ապահովելու համար Լիբանանի ճակատը բանալու ընտրանքը Նեթանիահուի ընտրանքներուն գլխաւորն է` այդպիսով ապահովելու համար այն պլոքը, որ իրեն կ՛արտօնէ յառաջիկայ կառավարութիւնը կազմել, մանաւանդ լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հաստատած սահմանափակումներուն, որոնք կ՛արգիլեն Իրանի դէմ հարուածները, որոնք կրնան Ուաշինկթընը ներքաշել ճակատումի մը մէջ, որ չի փափաքիր:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի բանբեր Էլլա Ուաուիէ յայտնեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-ի յարձակումէն ի վեր, իսրայէլեան բանակը հարուածած է շուրջ 100 հազար թիրախներ` 65 հազար Կազայի մէջ, 28 հազար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, 4500 Իրանի մէջ եւ 80 Եմէնի մէջ:

. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանի կողմէ ստացաւ նամակ մը, որ կը պարունակէր հրաւէր 12 եւ 13 յունուար 2027-ին ներկայ գտնուելու «Կայուն զարգացման Ապու Տապիի շաբթուան», «Կայուն զարգացման Զայետ մրցանակ»-ի բաշխման, «Կայուն զարգացման շաբթուան վեհաժողով»-ին մասնակցելու եւ անոր ընթացքին խօսք արտասանելու:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները 20 հոկտեմբերէն 22 հոկտեմբերի միջեւ պիտի ըլլան` երկարելով մէկէ աւելի օրերու վրայ: Մինչ այդ, Ուաշինկթըն ձախողութեան մատնեց դեսպաններ Քարամն ու Մուաուատը մասնակից դարձնելու միջոցով զինուորական ուղին դէպի քաղաքական բնոյթի նիւթեր «շեղելու» լիբանանեան փորձ մը, ինչ որ քիչ մնաց իսրայէլեան մերժումին հետեւանքով պատճառ դառնար բանակցութեան փուլի ջնջման»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Կը նախատեսենք, որ սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը արագ այցելութիւն մը տայ Պէյրութ` առկախ թղթածրարներուն վրայ աշխատանք տանելու համար, մանաւանդ որ ան մօտէն հետեւեցաւ վարչապետ Սալամի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք այցելութեան եւ անոր մթնոլորտին ծանօթացաւ»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, թէ Պէյրութի նկատմամբ Ուաշինկթընի վարմունքի ոճին մէջ «յստակ փոփոխութիւն մը» կայ. ամերիկեան վարչակարգը «շօշափելի եւ ստուգելի» արդիւնքներ կ՛ուզէ, եւ ոչ թէ քաղաքական յաւելեալ խոստումներ:

Աղբիւրները կը զգուշացնեն, որ եթէ «լիբանանեան խոստումը գործի չվերածուի», ապա Ուաշինկթընի հետ յաջորդ դիմակայումը «միայն քաղաքական պիտի չըլլայ», այլեւ կրնայ «ուղղակի կերպով Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան» հասնիլ:

. ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Շահագրգիռ կողմերը սկսան պատրաստել առաջարկուած «ստուգման մեքանիզմ»-ին ու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուելիք միջազգային ուժի բնոյթին վերաբերեալ ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը, որ քննարկման համար պիտի փոխանցուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն ինքզինք պաշտպանելու եւ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ գծուած աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ իրեն համար նոր դիրք գտնելու վերաբերեալ իսրայէլեան ուղղուածութիւնը պիտի չփոխուի, անկախ անկէ, թէ Իսրայէլը ո՛վ պիտի ղեկավարէ»:

. ԴԻՏՈՐԴ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Այն վարդապետութիւնը, որուն վրայ Պեն Կորիոնէն մինչեւ 7 հոկտեմբեր Իսրայէլ կառուցուած էր, կը հիմնուէր զսպումի վրայ եւ ոչ թէ դիմակայման, իսկ Նեթանիահուի կառուցած վարդապետութիւնը հիմնուած է կանխարգելիչ պատերազմի վրայ, որպէսզի 7 հոկտեմբերի դէպքերը չկրկնուին»:

. ԴԻՏՈՐԴ աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Կանգնած ենք երկու ուղղութիւններու առջեւ. կա՛մ խաղաղ լուծում եւ կա՛մ երրորդ պատերազմի փուլի շարունակում: Իսրայէլացին այս փուլին հետ կը վարուի տարբեր կերպով` դանդաղ կերպով, եւ առանց Ուաշինկթընը գրգռելու, իր գործադրել ուզածը կը գործադրէ առօրեայ պայթումներու եւ նոր շրջաններ քանդել փորձելու ճամբով»:

. ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ճօ Ստի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ անոր ներկայացուց նախարարաց խորհուրդի նիստերուն իր մասնակցութիւնը առկախելու մղած պատճառները: Ան հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ կը շարունակէ իր նախարարական պատասխանատուութեան տէր կանգնիլ` յոյս յայտնելով, որ ժողովներուն իր մասնակցութիւնը առկախելուն պատճառները կը վերանան:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Ուժանիւթի նախարարի նախարարաց խորհուրդի նիստերուն իր մասնակցութիւնը առկախելը յստակ ահազանգ է, թէ կենսական թղթածրարներու, մասնաւորաբար ելեկտրականութեան թղթածրարին նկատմամբ մօտեցումը այսուհետեւ չի կրնար այսպէս շարունակուիլ, երբ այլեւս յանդուգն ու պատասխանատու որոշումներ կը պահանջուին»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ». «Դէտերու կարծիքով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ուժանիւթի նախարարի նախարարաց խորհուրդի նիստերուն մասնակցութիւնը առկախելու ընտրանքը որդեգրած է` իբրեւ ուժանիւթի նախարարութեան դժուար վիճակէն դուրս գալու չարեաց փոքրագոյնը, երբ արեւմտեան ու Ծոցի շրջանէն ստացած է ազդանշաններ, թէ կառավարութենէն հրաժարիլը խստիւ արգիլուած է»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեամբ, «Լիբանանի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան նկատմամբ եւրոպական հետաքրքրութիւնը կը շարժի դէպի գործնական քայլեր` շահագրգիռ անձերու հետ հաղորդակցելու միջոցով քննարկելու քրիստոնէական գիւղերուն աջակցելու ուղիները:

«Կը թուի, թէ սահմանային գօտիի գիւղերու իրականութիւնը այս հետաքրքրութիւնը մղած է յաջորդ փուլին դէպի աւելի արդիւնաւէտ աջակցութեան մեքանիզմներու որոնում,` մասնաւորաբար` մայրաքաղաքէն եւ Լեռնալիբանանէն հեռու գտնուող քրիստոնէական գիւղաքաղաքներու մէջ, որոնք զրկանքներէ կը տառապին»:

. ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ փորձագէտներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ 2027 թուականի պետական ամավարկը հաւասարակշռուած է միայն թիւերով, սակայն անիրատեսական է, որովհետեւ տարուան վերջաւորութեան գրեթէ 10 առ հարիւրի տնտեսական կրճատման սպասումը գործնականին մէջ, աճի բացակայութեան պատճառով, կը նշանակէ գանձարկղի եկամուտներու անկում, եւ, հետեւաբար, պիւտճէի մէջ պետութեան եկամուտներու վերաբերեալ նշուածը ճիշդ չէ:

. ԴԵՂԱԳՈՐԾՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Ապտելռահման Մարքպաուի «Տիար» օրաթերթին. «Մաքսանենգուած որեւէ դեղ կեղծուած դեղ է, եւ շուկային մէջ անոր ներկայութիւնը 10 առ հարիւրէն չ՛անցնիր, եւ մենք` իբրեւ սենտիքայ եւ առողջապահութեան նախարարութիւն, մաքսատան ու ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ կը գործակցինք այս բոլոր հարցերը հետապնդելու համար»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, Լիբանանեան համալսարանի նախագահի պաշտօնավարման երկարաձգման ուղին յառաջ կ՛ընթանայ, հակառակ անոր նախորդ նստաշրջանին աշխատանքին նկատմամբ նկատողութիւններուն` իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ զայն վերանշանակելու շուրջ համաձայնութեան լոյսին տակ:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Ապտալլա «Էսք»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «(Խորհրդարանական) միացեալ յանձնախումբերը սկսան քննարկել առողջապահական համապարփակ ապահովագրութեան օրէնքը` նախապատրաստուելով ակնկալուող առողջապահական քարտի նախագիծի հաստատման»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ». «Խորհրդարանական աղբիւր մը կանգ առաւ լրատուամիջոցներու մասին օրէնքին վրայ փոփոխութիւններ կատարելու մեծ ցանկութեան վրայ` հաշուի առնելով, որ ներկայացուած պահանջները օրէնքի որդեգրումէն ետք լրագրողներու բանտարկութեան վերաբերեալ բարձրացուած առարկութիւններէն անդին անցնելով հասած են որոշ լրատուամիջոցներու սեփականատէրերու շահերուն սպասարկող պահանջներու, երբ օրէնքի նպատակներէն մէկը անոնց մենաշնորհը կոտրելն էր, եւ ոչ թէ զայն ամրագրելը»:

. ՏՈՔԹ. Նաժի Սաղիր «Սաութ Լուպնան»-ին. «Արձանագրած ենք ապրելակերպի փոփոխութեան եւ մարզանքի պակասի պատճառով քաղցկեղի համաշխարհային դէպքերու աճ` առանց անտեսելու ծինային գործօնը: Բուժման ուղիները զգալի զարգացում կ՛արձանագրեն»:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Պալքանեան Եւ Սեւծովեան Շրջանային Յանձնախումբի Նիստին

Յաջորդը

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.