«Ֆորմիւլա 1»-ի «Մերսետես» խումբի վարորդ բրիտանացի Ճորճ Ռասըլ այս շաբաթավերջին Սինկափորի կրան փրիին վերջին դիրքէն պիտի սկսի:
Անբախտ Ռասըլ, որ ամիսներէ ի վեր կը փորձէր մօտենալ տարեշրջանի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող իր խմբակից Քիմի Անթոնելլիի, վերջին կրան փրիներուն վերստին ետ մնացած է անկէ եւ այժմ 84 կէտերով ետ կը մնայ:
Այս շաբաթ ալ վերջին դիրքէն սկսիլը լաւ նշան չէ, մանաւանդ որ ան Պահրէյնի կրան փրիէն դուրս մնացած էր: Անոր ուժ բանեցնող գործիքը պէտք է փոխուի, եւ այս տարեշրջանի իր 4 նախկին փոփոխութիւններէն ետք, այժմ ամէն փոփոխութիւն կրնայ անոր ստիպել կրան փրին սկսիլ վերջին դիրքէն:
Շաբաթ օր տեղի պիտի ունենայ սփրինթի մրցումը, եւ փենալթին (վերջին դիրքէն սկսելու) այդ 100 քմ երկարող մրցումին ի զօրու չ՛ըլլար:
Տակաւին 6 կրան փրիներ կան, եւ 20 տարեկան իտալացի վարորդին հասնիլը գրեթէ անկարելի կը թուի ըլլալ:
«Մերսետես» եւ Ռասըլ կը յուսային ուժ բանեցնող գործիքը փոխարինել Օսթընի (Միացեալ Նահանգներ) կրան փրիին, որ պիտի յաջորդէ Սինկափորին, ուր «Մերսետես» իր վերանորոգուած փոփոխութիւնները կրնար մտցնել: Հոն շրջավազքը լայն է ու արագ, եւ վերջին դիրքէն սկսիլը այդքան վատ կրնայ չազդել «Մերսետես»-ի վրայ, մինչ Սինկափորի նեղ ու դանդաղ շրջավազքը շատ դժուար պիտի ըլլայ Ռասըլի եւ «Մերսետես»-ի համար, որ վերջին դիրքէն յառաջդիմէ գրաւելու համար բարձր դիրքեր:


