Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 5 հոկտեմբերին կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ Պաքուի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Պաքուն:
Պայրամով, ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է «Ազրպէյճանի կողմէ խաղաղութեան օրակարգի յառաջխաղացման, վստահութեան ամրապնդման եւ շրջանային կայունութեան խթանման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը»:
Ըստ ազրպէյճանական կողմին, արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են 8 օգոոտոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացին:
Ամերիկեան կողմն ալ կը յայտնէ, որ Ռուպիօ Պայրամովի հետ քննարկած է երկկողմանի գործընկերութեան հոլովոյթը նախագահ Թրամփի կողմէ 8 օգոստոս 2025-ին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած պատմական խաղաղութեան համաձայնագիրէն ի վեր:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, Ռուպիօ գովաբանած է Պայրամովը` Հայաստանի հետ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ Ազրպէյճանի շարունակական յանձնառութեան համար:
Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան վերջին յառաջընթացը, ներառեալ ամերիկեան եւ ազրպէյճանական ընկերութիւններու միջեւ քանի մը առեւտրական գործարքներու կնքման մասին յայտարարութիւնը:


