Իրանն ու Հայաստանը կրնան կառուցողական դեր խաղալ Կովկասի շրջանին մէջ: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ:
«Այս շրջանը պէտք չէ վերածուի օտարերկրեայ տէրութիւններու միջեւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան թատերաբեմի», նշած է Ղալիպաֆ:
Երեւանի համաձայն, Ղալիպաֆի հետ հանդիպումի ընթացքին կարեւոր նկատուած են Հայաստանն ու Իրանը կապող ենթակառոյցներու զարգացման եւ բեռնափոխադրումներու սահուն ընթացքին ապահովման ուղղութեամբ աշխուժ աշխատանքները:
Միրզոյեան Ղալիպաֆի հետ հանդիպումին հետ եւս ընդգծած է ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման իբրեւ արդիւնք երկաթուղային ցանցի զարգացման հեռանկարները, որոնք «շրջանի բոլոր երկիրներուն համար նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռեն»:
Անոնք միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան եւ փոխադրամիջոցային փոխկապակցուածութեան հետագայ խթանման հարցերու շուրջ` իբրեւ խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու բարեկեցութեան ամրապնդման նպաստող կարեւոր գործօն:
Միրզոյեան նախքան այդ հանդիպում ունեցած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ եւ անոր ներկայացուցած Իրանի սահմանի երկայնքին անցնող ԹՐԻՓՓ նախագիծի իրականացման ընթացքը:
Երեւանի համաձայն, Միրզոյեան-Փեզեշքիան հանդիպումին յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է ապաշրջափակման ենթակառոյցներու զարգացման եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ծրագիրներուն:
Անոնք միտքեր փոխանակած է շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան առնչուող հարցերու շուրջ:


