Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ 7 հոկտեմբերի յիշատակի նշման նախօրեակին հրամայած է իսրայէլեան բանակի մարտական պատրաստուածութիւնը բարձրացնել առաւելագոյն մակարդակի:
Քացի գրասենեակը նշեց, որ պաշտպանութեան նախարարը բանակին յանձնարարած է մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացնել եւ Կազայի մէջ տարբեր կարելիութիւններուն պատրաստուիլ:
«Համասի 7 հոկտեմբերի յիշատակին Կազայի մէջ մեր ուժերուն վրայ յարձակումներ շղթայազերծելու մտադրութեան մասին տեղեկութիւններ ստացանք», ըսաւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը:
«Եթէ Համաս վաղը Կազայի մէջ իսրայէլացի զինուորներ թիրախաւորէ, անսահման կերպով պիտի հակադարձենք», զգուշացուց Քաց:


