
Ազգային հերոս Արշաւիր Շիրակեանի անունը մեր ազգային յիշողութեան մէջ կը մարմնաւորէ` վճռակամութիւն, անձնուիրութիւն եւ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան անսասան կամք: Անոր ժառանգութիւնը անցեալի հերոսական էջերու յիշատակ մը չէ միայն, այլ` այսօրուան սերունդներուն ուղղուած պատասխանատուութեան կոչ մը:
Այս ոգիով ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հիւսիսային Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէն համախորհուրդ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի Ազգային միացեալ վարժարանին` կրթական կարիքներ ունեցող 38 հայ աշակերտներու կողքին կանգնելով եւ անոնց ուսման ճամբուն մէջ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերելով: Այս նախաձեռնութիւնը ծնունդ առաւ այն խոր համոզումէն, թէ մեր ազգային կեանքին մէջ ամէն ներդրում, որ կը ծառայէ հայ մանուկի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, միաժամանակ ներդրում է մեր ժողովուրդի ապագային մէջ:
Այս քայլը լոկ նիւթական օժանդակութիւն մը չէ: Ան մեր ազգային համոզումին արտայայտութիւնն է, որ հայ դպրոցը ազգային գոյապայքարի առաջնագիծերէն մէկն է, իսկ հայ աշակերտը` մեր ժողովուրդի ապագայ ինքնութեան, արժանապատուութեան եւ կազմակերպուած ուժին կրողը:
«Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի գործին քաղաքական պատգամը կը կայանայ ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան, պատասխանատուութեան եւ գործնական նուիրումի մէջ: Այսօր այդ պատգամը կը շարունակուի ոչ միայն յիշատակով, այլեւ` հայ դպրոցը ամրապնդող, հայ մանուկին կողքին կանգնող եւ մեր համայնքներու ապագան կերտող նախաձեռնութիւններով: Որովհետեւ ազգային պայքարը չի սահմանափակուիր միայն քաղաքական բեմերով: Ան կը շարունակուի դպրոցին մէջ, ուր կը դաստիարակուի հայ մանուկը, կը պահպանուի մեր լեզուն եւ կը փոխանցուի ազգային գիտակցութիւնը:
Հայ դպրոցին տէր կանգնիլը պարզ բարեսիրական քայլ մը չէ, այլ մեր ինքնութեան եւ ապագայի պահպանութեան ռազմավարական պարտաւորութիւն է:
«Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէին այս քայլը կը բխի այն համոզումէն, որ կազմակերպութիւնը իր գաղափարական հաւատքը պէտք է արտայայտէ գործնական ծառայութեամբ: Հաւաքական կամքը իր իրական արժէքը կը ստանայ այն ատեն, երբ կը վերածուի շօշափելի արդիւնքի եւ կ՛օժանդակէ մեր ժողովուրդի կարիքներուն:
Կը փափաքինք, որ այս համեստ, բայց նպատակային ազգային ներդրումը դառնայ բացուած դուռ մը` ուրիշ կոմիտէներու, միութիւններու եւ անհատներու համար: Թող այս նախաձեռնութիւնը խթան հանդիսանայ նոր զօրակցութիւններու, որպէսզի մեր դպրոցները չմնան միայն սահմանափակ միջոցներու ապաւինած, իսկ մեր աշակերտները` կրթական կարիքներու առջեւ միայնակ:
Միշտ չէ որ մեծ գործերը կը սկսին մեծ միջոցներով: Անոնք կը սկսին հաւատքով, պատասխանատուութեամբ եւ առաջին քայլին համարձակութեամբ: Ազգային հերոս Արշաւիր Շիրակեանի անունը արժանի է ապրելու ոչ միայն յուշերու մէջ, այլեւ` մեր այսօրուան ծառայութեան, մեր դպրոցներուն եւ մեր երիտասարդութեան մէջ:
Հայ դպրոցին զօրակցիլ` ազգային ապագային տէր կանգնիլ է:
ՀՅԴ «ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»


