ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը իրեն հետ տարաւ ոչ միայն իր անամոք վէրքերն ու յուշերը, այլ նաեւ` հայրենիքի մշակոյթը, աւանդութիւնները, լեզուն եւ ազգային ոգին: Սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութ դարձաւ կորսուած հայրենիքի մէկ փոքրիկ մասնիկը:
Ասկէ առաջ անդրադարձած էի հօրս ծնողներուն` Խնուսի եւ Մուշի արմատներուն: Այս անգամ կ՛ուզեմ պատմել մօրս հօր Մարաշի արմատներուն մասին` յիշատակելով նաեւ մօրս մօր Խարբերդի ծագումը:
Մօրս մեծ հայրը` Սեդրակ Աշճեան, ծնած էր Մարաշ: Երիտասարդ տարիքին ան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, ուր 1903 թուականի յուլիս 6-ին Նիւ Եորքի Արեւելեան շրջանի Դաշնակցային դատարանին կողմէ ստացած է ամերիկեան քաղաքացիութիւն: Սակայն օտար երկիրը չկարողացաւ փոխարինել հայրենի հողին հանդէպ անոր ունեցած սէրը, եւ ան վերադարձաւ Մարաշ:
Շատ չանցած` Հայոց ցեղասպանութիւնն ու 1920 թուականի Մարաշի ողբերգական դէպքերը զինք երկրորդ անգամ ստիպեցին բռնել գաղթի ճամբան: Ամուսնանալէ ետք անոր որդին` իմ մեծ հայրս, ծնաւ Կիպրոսի մէջ, իսկ հետագային ընտանիքը հաստատուեցաւ Լիբանան:
Լիբանան հասնելէ ետք Սեդրակ Աշճեան չբաւարարուեցաւ միայն իր ընտանիքին համար նոր կեանք կառուցելով: Ան ամբողջ նուիրումով մասնակցեցաւ մարաշահայ գաղութի կազմակերպման, Մարաշցիներու հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան եւ համայնքային կեանքի զարգացման աշխատանքներուն:
Մեծ հայրս եւ իր հայրը ունէին ամերիկեան եւ կիպրական քաղաքացիութիւն: Անոնք կրնային հանգիստ լքել Լիբանանը եւ նոր կեանք սկսիլ աւելի ապահով ու բարեկեցիկ երկիրներու մէջ: Սակայն անոնք գիտակցաբար ընտրեցին մնալ կոտորածէն փրկուած լիբանանահայութեան կողքին:
Աւելի՛ն. անոնք իրենց օտար քաղաքացիութիւնները գաղտնի պահեցին նոյնիսկ իրենց զաւակներէն, որպէսզի վերջիններս չհեռանան Լիբանանէն եւ չլքեն այն երկիրը, որ դարձած էր սփիւռքահայութեան երկրորդ հայրենիքը:
Բայց պատմութիւնը երբեմն ինքզինք կը կրկնէ: Տարիներ անց, մեծ հօրս մահէն ետք, երբ այդ իրականութիւնը բացայայտուեցաւ, մեծ հօրս եղբայրն ու քոյրերը, որոնք իրենց ամերիկացի հօր քաղաքացիութեան շնորհիւ կը համարուէին ամերիկեան քաղաքացիութեան իրաւայաջորդներ, ընտանիքներով հաստատուեցան Միացեալ Նահանգներ` յուսախաբ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական անկայուն պայմաններէն:
Այսօր մենք նոյն ճակատագիրին դէմ յանդիման կը գտնուինք:
Սփիւռքահայուն ճակատագիրը դիւրին չէ: Աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած հայը ամէն օր կը պայքարի իր ինքնութիւնը, լեզուն եւ ազգային պատկանելիութիւնը պահպանելու համար: Սակայն սփիւռքի պատմութիւնը նաեւ տոկունութեան, վերածնունդի եւ անսահման նուիրումի պատմութիւն է:
Սփիւռքի սիրտը նկատուող Լիբանանը, հակառակ իր բոլոր դժուարութիւններուն, կը շարունակէ կաթիլ առ կաթիլ իր զաւակները ուղարկել աշխարհի տարբեր անկիւնները: Սակայն այդ զաւակները ո՛ւր ալ հաստատուին, իրենց սրտին մէջ կը կրեն թէ՛ Լիբանանը, թէ՛ Հայաստանը եւ իրենց կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ կը շարունակեն` ծառայել հայ ազգին, աջակցիլ հայրենիքին եւ սատար կանգնիլ վտանգներու տակ ապրող իրենց ազգակիցներուն:
Որովհետեւ հայը կրնայ հեռանալ իր բնակավայրէն, բայց երբեք չի հեռանար իր արմատներէն: Հայը կը շարունակէ ապրիլ այնքան, որքան կենդանի կը մնան` իր յիշողութիւնը, իր պատմութիւնը, իր ազգային գիտակցութիւնն ու իր արմատներուն նկատմամբ ունեցած անխախտ հաւատարմութիւնը:


