Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն ծով. Ալի Ֆատաւի յայտարարեց, որ իրանեան ուժերը ամերիկեան ուժերուն ստիպած են Իրանի սահմանէն շուրջ 1000 քիլոմեթր նահանջել:
«Ամերիկացիները փախած են եւ տեղափոխուած մեր սահմաններէն աւելի քան 1000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ասիկա անոնց ընտրութիւնը չէր. ատիկա պայմանաւորուած էր իսլամական հանրապետութեան հեղինակութեամբ եւ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հեղինակութեամբ», իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պնդած է ան:
Ֆատաւի նաեւ պնդած է, որ առաջին անգամ Արաբական ծոցի, Հորմուզի նեղուցի, Օմանի ծովու կամ նոյնիսկ Հնդկաց ովկիանոսի հիւսիսային մասին մէջ ամերիկեան նաւեր չկան, ապա աւելցուցած, որ ամերիկեան պատերազմական նաւերը Յեղափոխական պահակագունդի յարձակումներէն «100 առ հարիւր խոցելի են»:
Ան պնդած է, որ Հորմուզի նեղուցը կը մնայ Իրանի վերահսկողութեան տակ: Ան նաեւ ըսած է, որ Յեղափոխական պահակագունդի ուժերը ջրային ուղիի` Միացեալ Նահանգներու կողմէ վերահսկուող հարաւային երթուղին օգտագործող նաւերը զգուշացուցած են, որ անոնք «որեւէ պահու կրնան թիրախաւորուիլ»:
Ֆատաւի աւելցուցած է, որ Օմանի ափամերձ ճամբով այժմ օրական կը տեղափոխուի ընդամէնը 3-4 միլիոն տակառ քարիւղ, եւ այդ քանակը որակած է «աննշան»` համեմատած պատերազմէն առաջ եղած փոխադրումներուն հետ: Պատերազմէն առաջ Հորմուզի նեղուցին ճամբով կը փոխադրուէր աշխարհի վրայ սպառող բնական կազի եւ քարիւղի շուրջ 20 առ հարիւրը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով նաւերու երթեւեկին հետեւող «Քեփլըր» ընկերութեան նախնական տուեալներուն, կը հաղորդէ, որ Միջին Արեւելքէն հում քարիւղի արտածումը սեպտեմբերի վերջին շաբթուան 7 օրերէն չորսին մէջ գերազանցած է պատերազմէն առաջ եղած մակարդակները:
Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, թէ 24 սեպտեմբերին եւ 27 սեպտեմբերէն 29 սեպտեմբեր երկարող ժամանակահատուածի ընթացքին քարիւղի արտածումը հասած է օրական 19,5 միլիոն եւ 22,5 միլիոն տակառի: Միացեալ Նահանգներ-Իրան պատերազմէն մէկ տարի առաջ քարիւղի արտածումը կը կազմէր օրական միջինը 18 միլիոն տակառ:
Իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Ալի Ապտելլահի յայտնեց. «Շրջանին մէջ սիոնական ոճրային աւազակախումբի ղեկավարի շրջանին մէջ ներկայութիւնն ու յայտարարելը, թէ իրանեան հիւլէական ծրագիրը մուտք գործած է զինուորական փուլ, պարզապէս պատրանք է»: Ան այս մասին յայտնեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան:
«Գառնուկի հագուստով ծպտուած գայլի դերը կատարել շարունակելէ դադրեցէ՛ք եւ խուսափեցէ՛ք իրանեան հիւլէական կառոյցներու վերաբերեալ կատարելէ յայտարարութիւններ, որոնք անհիմն են», ըսաւ ան:
«Իմացէ՛ք, որ եթէ Իրանի դէմ նոր պատերազմ ծագի, անոր բոցերը բոլորին պիտի հասնին», շեշտեց Ապտելլահի:


